Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելըսի Մէջ Նշուեցաւ Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 11-րդ Տարելիցը

Լոս Անճելըսի Մէջ Նշուեցաւ Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 11-րդ Տարելիցը

by MassisPost

Պոլսոյ «Ակօս» թերթի   խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 11րդ տարելիցին առթիւ  Յունուար 20, 2018, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, մասնակցութեամբ եկեղեցական հայրերու եւ տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պոլսահայ Միութեան կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը հանգուցեալ Հրանդ Տինքի նահատակութեան տարելիցին առթիւ: Յիշատակի հանդիսութեան ներկայ էին գաղութիս կրօնական յարանուանութիւններու եւ քաղաքական ու մշակութային ու հասարակական այլ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Հրանդ Տինքին եւ նոյն օրը  Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ մահացած Սարգիս Հացպանեանին: (Նախատեսուած էր որ, Հացպանեան անձնապէս ներկայ գտնուի այս միջոցառումին  ու այս առթիւ իրեն յանձնուի  «Հրանդ Տինք» շքանշանը):

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պատշաճ արարողութիւն, նախագահութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւորականներու:

Բեմին վրայ զետեղուած էր ծաղկեպսակ մը, ինչպէս նաեւ մեծադիր լուսանկարները նահատակ Հրանդ Տինքի եւ Սարգիս Հացպանեանի:

Օրուան հանդիսավարն էր իրաւաբան Էտվին Մինասեան: Ան առանձնապէս ոգեկոչեց Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքներու ջատագով եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու արդար դատի պաշտպան Հրանդ Տինքի յիշատակը եւ նորոգ հանգուցեալ Սարգիս Հացպանեանի բարեմասնութիւնները:

Սարգիս Հացպանեանի կենսագրութիւնը  կարդաց Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան եւ յայտնեց որ «Հոգիի  Ազատութեան եւ արդարութեան տարեկան շքանշանը» հանգուցեալին յանձնուած է Լիոն քաղաքին մէջ իր մահէն առաջ:

Նշենք նաեւ որ Սարգիս Հացպանեան եղած է Հրանդ Տինքի մանկութեան ընկերն ու դասընկերը եւ մասնակցած Արցախի ազատագրական պայքարին:

Յաջորդաբար անգլերէն լեզուով ելոյթներ ունեցան U.S.C.  համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններ եւ Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու դասախօս դոկտ. Սինան Պիրտալ, U.C.L.A. ի ականաւոր հետազօտող դոկտ. Լուքէն Շէնկիւլ եւ Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանի Խանզատեան Հայկական Ուսումնասիրութիւններու այցելու փրոֆ. դոկտ. Եքթան Թիւրքեըլմազ: Անոնք իրենց կատարած հետեւողական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութիւններու որպէս արդիւնք լուսարձակի տակ առին Թուրքիոյ ներկայ վարչակարգի հակաժողովրդավարական գործընթացը, որուն իբրեւ հետեւանք կաշկանդուած են մարդկային իրաւունքներն ու դեմոկրատական ազատութիւնները: Նմանապէս դատապարտեցին փոքրամասնութիւններու արդար իրաւունքներու անտեսումը, որուն իբրեւ հետեւանք առկայ դարձած է ժողովրդային պոռթկումը եւ որուն բանբերը հանդիսացած էր նահատակ Հրանդ Տինքը:

Հանդիսութեան երկրորդ մասը յատկացուած էր բեմին վրայ նստակեաց հարցազրոյցի,  զոր պատշաճ ձեւով համակարգեցին U.C.L.A.ի իրաւաբանութեան փրոֆ. Ասլը Պալին եւ Էտվին Մինասեան: Վերեւ նշուած դասախօսները սիրայօժար կերպով ընդլայնուած բացատրութիւններ տուին ժամանակակից քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ անոնց հետ առնչութիւն ունեցող իրաւական եւ ընկերային հարցերու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment