Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Զինուժը Ետ Շպրտած է Ատրպէյճանական Ներթափանցման Փորձ

Լեռնային Ղարաբաղի Զինուժը Ետ Շպրտած է Ատրպէյճանական Ներթափանցման Փորձ

by MassisPost

25 Յունուարի գիշերը, ժամը 2-ի սահմաններուն, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին ատրպէյճանական զինուժի կողմէ ներթափանցման փորձի հետեւանքով ղարաբաղեան կողմը կորուստներ եւ վիրաւորներ չունի։ Այս մասին «Ազատութեան» ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեանը։

«Իրավիճակը կայուն է եւ լրիւ վերահսկւում է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կողմից: Այս պահի դրութեամբ որեւէ այլ արտառոց դէպք տեղի չի ունեցել»,- նշած է ղարաբաղցի պաշտօնեան:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւարեւելեան, մասնաւորապէս, Կուրոպատկինոյի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերէն մէկուն պաշտպանական հատուածին ԼՂ պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ուժերու կողմէ «հաւաստանշուած է ատրպէյճանական հետախուզական խումբի ներթափանցման փորձ»։ Հաղորդագրութեան համաձայն՝ ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններու արդիւնքով ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայինները ետ շպրտուած են:

ԼՂ ՊԲ-ն հաղորդած է նաեւ, որ նախնական տուեալներով՝ հակառակորդի կողմէ կան կորուստներ: Ըստ ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութեան, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, հերքած է ղարաբաղեան կողմի պնդումները՝ վստահեցնելով, թէ ատրպէյճանական բանակը ամբողջովին կը պահպանէ հրադադարն ու որեւէ կորուստ չունի:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Դաւիթ Պապայեանը նաեւ հետեւեալ դիտարկումը ըրած է, որ միջազգային հարթակներու վրայ հակամարտութեան կողմերու համար կազմակերպուող ամէն հանդիպումէ ետք Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նման քայլի կը դիմեն։ Պապայեանը յիշատակած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկ ունեցած ելոյթը Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանին։ Սարգսեանը պատասխանելով ատրպէյճանցի պատգամաւորի հարցին՝ ըսած էր․ «Դուք ուզում էք Ատրպէյճանի կազմ վերադարձնել Ղարաբաղը։ Ցաւօք սրտի, այլատեացութիւնն Ատրպէյճանում այնքան է զարգացել, որ արդէն դուք բացայայտ յայտարարում էք, որ Ղարաբաղը ձեզ պէտք է առանց հայերի, անհնար է, դա երբեք չի լինելու»։

«Ուրեմն նոր եղել է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարների քրաքովեան հանդիպումը, համանախագահների միջնորդութեամբ, այնուհետեւ Հայաստանի նախագահը հանդէս եկաւ կարեւոր մի ելոյթով եւրոպական հարթակներից մէկում: Բացի դրանից՝ ներկայ դրութեամբ Ստեփանակերտում է գտնւում ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպշիկը: Հիմա այս ամէնի ներքոյ ատրպէյճանական կողմը դիմում է այսպիսի աննորմալ քայլի, ինչի՞ համար, որեւէ տրամաբանութիւն չկայ»,- շարունակած է Դաւիթ Պապայեանը:

Պապայեանը ահաբեկչութիւն որակած է Ատրպէյճանի գործողութիւնները, պնդելով, որ ատրպէյճանական ժողովուրդը իրենց թշնամին չէ, իրենք հրադադարի հաստատումէն ետք ալ կը փորձեն Ատրպէյճանի հետ գոյատեւել որպէս հարեւաններ: «Եթէ մենք ատելութեամբ լցուենք, դա թոյլ չի տայ նորմալ զարգանալ: Մենք պէտք է ունենանք անվտանգութեան այնպիսի մեխանիզմներ, որ կարողանանք ինքներս մեր ներուժով ապահովել մեր անվտանգութիւնը: Դրա համար ենք ասում, որ այս հակամարտութեան կարեւորագոյն բաղադրիչը անվտանգութեան հիմնախնդիրն է»,- շարունակած է Դաւիթ Պապայեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment