Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ելք»-ը Դէմ Պիտի Քուէարկէ ՀՀԿ-ի Առաջադրած Նախագահի Թեկնածուին

«Ելք»-ը Դէմ Պիտի Քուէարկէ ՀՀԿ-ի Առաջադրած Նախագահի Թեկնածուին

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ իշխող Հանրապետականի առաջադրած Հայաստանի 4-րդ նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանին: Այս մասին, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան, յայտարարած է ընդդիմադիր դաշինքի պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանը, շեշտելով, որ յառաջիկային Արմէն Սարգսեանի հետ կայանալիք հանդիպումը իրենց որոշումին վրայ պիտի չազդէ:

Նշենք, որ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեանը Սերժ Սարգսեանի առաջարկէն ետք  ժամանակ խնդրած է՝ շեշտելով, թէ որոշում կայացնելու համար նախեւառաջ կ’ուզէ հանդիպիլ խորհրդարանական, այդ շարքին՝ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ։

«Հանդիպման առաջարկ, երբ որ կը լինի, ես կարծում եմ, որ «Ելք» խմբակցութիւնն անպայմանօրէն կը հանդիպի նախագահի թեկնածուին՝ իհարկէ լսելու, որոշ հարցեր քննարկելու, ինչո՞ւ չէ, մտահոգութիւնները յայտնելու, բայց գրեթէ վստահ եմ, որ էդ հանդիպումը մեծ հաշուով չի անդրադառնայ «Ելք»-ի քուէարկութեան վրայ։ Այնուամենայնիւ Արմէն Սարգսեանը Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն է, սա բաւականին խօսուն բան է եւ «Ելք»-ը ելնում է սրանից», – ըսած է Միրզոյեանը։

«Ազատութեան» հարցին, թէ անկախ հանդիպման արդիւնքներէն, «Ելք»-ը դէ՞մ պիտի քուէարկէ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան, ընդդիմադիր պատգամաւորը պատասխանած է. – «Մենք կը խօսենք Արմէն Սարգսեանի հետ, բայց «Ելք» խմբակցութիւնը դէմ է քուէարկելու Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեանը»։

Յիշեցնենք՝ «Ելքը» կ’ուզէր նախագահի պաշտօնին առաջադրել իր թեկնածուն՝ պատգամաւոր Արտակ Զեյնալեանը,սակայն 9-ը հոգինոց խմբակցութեան թեկնածու առաջադրելու համար 27 պատգամաւորի ստորագրութիւն անհրաժեշտ է:

Ընդդիմադիր «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը հրաժարած է աջակցիլ «Ելք»-ին այս հարցի վերաբերեալ: Փոխարէնը՝ «Ելք» խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան այսօր իշխող Հանրապետականին առաջարկ ըրած է՝ եթէ անոնք վստահ են, որ իրենց թեկնածու Արմէն Սարգսեանը մրցակցութենէ դուրս է, ապա թող «Ելք»-ին տրամադրեն անհրաժեշտ 18 ստորագրութիւն եւ ընդդիմադիր դաշինքը Արտակ Զեյնալեանի թեկնածութիւնը առաջադրելու հնարաւորութիւն ունենայ:

Իշխող Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան՝ ի պատասխան «Ելք»-էն հնչած այս առաջարկին, ըսած է. – «Շատ հետաքրքիր առաջարկութիւն է. «Ելք»-ը մե՞ր ստեղծած ընդդիմութիւնն է, եթէ մեր ստեղծած ընդդիմութիւնն է, մենք կ’օգնենք իրենց, բայց «Ելք»-ը ժողովրդի ընտրեալն է, եւ որպէս ընդդիմութիւն, նրանք իրենց կերպարը պէտք է պահպանեն՝ համագործակցելով ընդդիմութեան հետ, այլ խնդիր է, որ եթէ իրենք ցանկանում են մեզ հետ համագործակցել, մեր դռները բաց են»

Ճշդող հարցին, որ եթէ «Ելք»-ը դիմէ թեկնածուի առաջադրման նպատակով՝ անհրաժեշտ 18 պատգամաւորներու ձայնը ստանալու համար, ՀՀԿ-ն կը տրամադրէ՞ այդ ձայները, Պաղտասարեան պատասխանած է. – «Ելք»-ը թող դիմի, գան, քննարկենք, դնենք իրենց թեկնածուին, մեր թեկնածուին, քննարկման արդիւնքում, եթէ գտնենք այդ արժանիքները, մենք կարող է նաեւ դրա մասին հետեւութիւններ անենք։ «Ելք»-ին յորդորէք, թող դիմի մեզ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment