Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զարուհի Փոսթանճեանի Վրաստան Մուտքը Խափանուած է

Զարուհի Փոսթանճեանի Վրաստան Մուտքը Խափանուած է

by MassisPost

Ընդդիմադիր ուժի ղեկավար  Զարուհի Փոսթանճեան հաւանական կը համարէ, որ վրացական կողմը իր մուտքի արգելքը սահմանած է Հայաստանի իշխանութիւններու խնդրանքով:

Վրաստանի սահմանապահները արգիլած են «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան ղեկավար, Երեւանի աւագանիի անդամ Զարուհի Փոսթանճեանին մուտք գործել այդ երկիր: Ընդդիմադիր գործիչը հատած է Հայաստանի «Պավրա» անցակէտը, սակայն վրացական «Նինոծմինտա» անցակէտին մօտ տեղի աշխատակիցները ըսած են, որ Փոսթանճեանի մուտքը արգելուած է այդ երկիր:

Ընդդիմադիր գործիչը «Ազատութեան» պատմած է, որ փորձած է ճշդել արգելքի պատճառները` օրինակ, արդեօ՞ք կը կասկածուի որեւէ յանցագործութեան մէջ կամ վարակակիր է եւ այլն, Վրաստանի սահմանապահները, սակայն, Փոսթանճեանին գրութիւն մը փոխանցած են, ուր որպէս արգելքի պատճառ նշուած է «օրէնքով նախատեսուած այլ դէպքերը»` առանց մանրամասներու:

Յիշենք, որ Զարուհի Փոսթանճեան կուսակիցներու հետ հայաբնակ Ախալքալաքի շրջան կը մեկնէր «Երկիր Ծիրանի»-ի նախաձեռնած համահայկական ընդվզման քարոզչութեան նպատակով: Վերջին անգամ նոյն ծրագրով Փոսթանճեան Ախալքալաքի մէջ հանդիպումներ իրականացուցած էր մօտ երկու ամիս առաջ, ինչպէս կը փոխանցէ կուսակցութեան ղեկավարը, առանց միջադէպերու:

Ի դէպ, Փոսթանճեանի հետ Ջաւախք մեկնող անոր կուսակիցները նման խոչընդոտի չեն բախուած։

Զարուհի Փոսթանճեանը կասկածներ ունի, որ այս անգամ Հայաստանի իշխանութիւններու խնդրանքով արգիլած են անոր մուտքը, քանի որ վրացական կողմը որեւէ յստակ հիմնաւորում չէ ներկայացուցած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment