Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի Քաղաքացիական Հասարակութեան 1.74 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

Եւրոմիութիւնը Հայաստանի Քաղաքացիական Հասարակութեան 1.74 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սուիթալսքին եւ քաղաքացիական հասարակութեան հինգ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ  Յունուար 19-ին ստորագրեցին հինգ նոր դրամաշնորհային պայմանագիրներ` ուղղուած ժողովրդավարական կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտներու բարելաւման:

Փիթըր Սուիթալսքին նշեց, որ այս ծրագիրները բազմազան են եւ կ՛առնչուին իւրաքանչիւրին: «Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը կը մեկնարկէ հանրային կարեւորութեան հինգ նոր ծրագիր` ուղղուած քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման: Անիկա քաղաքացիները պիտի ներգրաւէ կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտի տարբեր գործողութիւններու մէջ,-«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է ան` ընդգծելով, որ լիայոյս է, որ այս նոր ծրագիրները պիտի խրախուսեն աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու ու հասարակ քաղաքացիներու ներգրաւուելու Հայաստանի մէջ շարք մը կարեւոր հանրային քննարկումներու մէջ:

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան պիտի տրամադրուի 1.74 միլիոն եւրօ նոր ծրագիրներու համար:

«Այս ծրագիրները կ՛ընդգրկեն բազմազան ոլորտներ` փակ հաստատութիւններու մէջ մարդու իրաւունքներուն առնչուող, կանանց կողմէ ղեկավարուող կազմակերպութիւններուն ու պետական քաղաքականութեան առնչուող հարցեր, պիւտճէի կատարման, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի ծախսերու կրճատման հարցերու»,- ըսած է Սուիթալսքի:

Ան նաեւ նշած է, որ այս ծրագիրները կը նշուին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ 2017 թուականին  Նոյեմբեր 24-ին ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրին մէջ:

Այսպիսով, «Հանրային հայեացք` փակ աշխարհին, փակ հաստատութիւններու մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի մասին իրազեկման բարձրացում» երկամեայ ծրագիրը կ՛իրականացնեն «Հանրային լրագրութեան ակումբ»-ը եւ «Յանուն հաւասար իրաւունքներու» հասարակական կազմակերպութիւնը:

«ԵՄ-ն քաղաքացիական հասարակութեան. Ուժանիւթի խնայողութիւնը Հայաստանի համայնքներուն մէջ» ծրագիրը երկամեայ նախաձեռնութիւն է, որու նպատակն է ներգրաւել հասարակութեան լայն շերտերը ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ քաղաքացիական ընկալման վերանայման գործին մէջ որպէս Հայաստանի մէջ աղքատութեան նուազեցման եւ վերացման ուղի:

«Դրական փոփոխութիւն քաղաքացիական հասարակութեան կարողութիւններու հզօրացման միջոցով» ծրագիրը երկամեայ նախաձեռնութիւն է, որ պիտի իրականացուի «Բաց հասարակութեան հիմնարկի օժանդակութեան հիմնադրամ» հայաստանեան մասնաճիւղի եւ «Հանրային քաղաքականութեան հիմնարկ»-ի եւ «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» կազմակերպութիւններուն կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment