Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Ցուցմունք Տուած է Եւրոպա Գտնուող Թուրքահայերուն Դէմ Մահափորձի Յայտարարութիւններուն Վերաբերեալ

Կարօ Փայլան Ցուցմունք Տուած է Եւրոպա Գտնուող Թուրքահայերուն Դէմ Մահափորձի Յայտարարութիւններուն Վերաբերեալ

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը ներկայացած է Անգարայի դատախազութիւն` Եւրոպայի մէջ հայերու, ալեւիներու եւ քիւրտերու դէմ մահափորձերու շարքի նախապատրաստման մասին տեղեկութեան հիման վրայ յարուցուած գործի ծիրէն ներս ցուցմունք տալու:

Թրքական demokrathaber.org կայքը կը հաղորդէ, թէ  Փայլանին ուղեկցած են անոր փաստաբանները:

Հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ տարիներ առաջ գրեթէ նոյն կերպով թիրախաւորուած ու սպաննուած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքը:

«Այս երկրի պատմութեան մէջ կայ Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին իրականութիւն մը: Այդ շրջանին ան ալ մամուլի ու իշխանութիւններու կողմէ թիրախ դարձաւ: Ան իմ ընկերն էր, ես ուզեցի, որ ան լքէ երկիրը, բայց մնաց ու սպաննուեցաւ: Այժմ ալ քաղաքական գործիչներու եւ մամուլի կողմէ թիրախի տակ կ՝առնուին շարք մը մտաւորականներ, որոնց մէջ է նաեւ Ճան Տիւնտարը: Գերմանիայէն տեղեկութիւններ ստացանք, որ անոնց դէմ մահափորձեր կը նախապատրաստուի: Այս թեմային վերաբերեալ որեւէ իրեղէն ապացոյց ու փաստաթուղթ չկայ, կայ բանաւոր տեղեկատւութիւն միայն»,- ըսած է Փայլան:

Կարօ Փայլանը նախապէս զգուշացուցած էր, որ հայերու, ալեւիներու, քիւրտերու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ եղած ճնշումներու հետեւանքով երկիրը լքած ընդդիմադիր գործիչներու, մտաւորականներու եւ լրագրողներու դէմ մահափորձերու ամբողջ շարք մը նախապատրաստող ու Թուրքիայէն ուղղորդուած յանցախումբը արդէն ցուցակ կազմած է:

Տեղեկատւութիւնը հաստատած էին եւրոպաբնակ սթամպուլահայ շարք մը մտաւորականներ. մասնաւորապէս` թրքական demokrathaber.org կայքի նախկին խմբագիր Հրանդ Գասպարեանը, որ վերջին ամիսներուն, մշտական բնակութեան նպատակով տեղափոխուած է Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պեռլին, յայտնած էր, որ մահափորձերու շարքին մասին տեղեկութիւն ստանալէն ետք համալրած է գերմանական իշխանութիւններուն կողմէ յատուկ պաշտպանութեան տակ առնուած անձերուն շարքը:

Օրեր առաջ, Պրիւքսէլի մէջ, անյայտ անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած էր հայկական  «Սահակեան» միութիւնը, որուն հիմնադիր կազմին մէջ Թուրքիա ծնած հայեր կան:

Յայտնի էր նաեւ, որ առկայ վտանգին պատճառով, պոլսահայ գրող Հայկօ Պաղտատը Պեռլինի մէջ ստիպուած էր ելոյթ ունենալ զրահապատ բաճկոնով: Պրիւքսէլեան դէպքէն ետք՝ ան հասարակական ցանցերէն մէկուն իր էջին վրայ գրած էր. «մէկ անգամ եւս կը նախազգուշացնեմ` լրջօրէն վերաբերուեցէք Գերմանիոյ մէջ մահափորձերու մասին պնդումներուն»:

Օրերս ալ Գերմանիոյ մէջ մահափորձի ենթարկուած է յայտնի քիւրտ ֆութպոլիստ Տենիզ Նաքին, որուն համար նոյնպէս կը կասկածուին թուրք ազգայնականները: Վերջինս ոստիկանութեան տուած իր վկայութեան մէջ նոյնպէս հաստատած է, որ իր դէմ յարձակումը կրնայ ըլլալ թուրք ազգայնականներու գործը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment