Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչու Հայաստանի Իշխանութիւնները կը Ձգտին Եւրոպական Բարեփոխումներու եթէ Երկիրին Մէջ Հակառակը կը Կատարուի

Ինչու Հայաստանի Իշխանութիւնները կը Ձգտին Եւրոպական Բարեփոխումներու եթէ Երկիրին Մէջ Հակառակը կը Կատարուի

by MassisPost

ՀՀ-ԵՄ համաձայնագրով իշխանութիւնը շատ յստակ փողեր բերելու նպատակ ունէր, իր երկարակեցութիւնը ապահովելու եւ թերեւս իր շուրջ ինչ-որ դրական պատկեր ստեղծելու նպատակ: Այս մասին «Ազատութիւն» ռատիօկայանի եթերին ըսած է իրաւապաշտպան Լեւոն Բարսեղեանը։

«2013 թ., երբ Սերժ Սարգսեանը բոլորի համար անակնկալ յայտարարեց, որ Հայաստանն ընտրել է ԵԱՏՄ-ի ճանապարհը, այդ ժամանակ այո, բողոքել եմ, որ ինչպէս կարելի է այդպէս հեշտութեամբ մի բաժակ ջրով զիջել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը: Ընդհանրապէս համակեդրոնացման ճամբարներին դէմ եմ, այդ պատճառով եմ բողոքել»,- ըսած է իրաւապաշտպանը:

Ան ՀՀ-ԵՄ համաձայնագրէն մեծ յոյսեր չունի, որովհետեւ, անոր խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնը ինչ-ինչ պայմանագրերու կարիք չունի իր օրինական պարտականութիւնները կատարելու, իր ժողովուրդի հանդէպ սահմանադրական պարտքը կատարելու համար:

«Այս նախադասութեան մէջ բազմաթիւ վերապահումներ կան: Հայաստանի իշխանութիւն, արդեօք այս մարդիկ Հայաստանի իշխանութի՞ւն են, արդեօք իրենք ընկալո՞ւմ են Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը կամ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը որպէս սեփական պարտականութիւն: Այս իմաստով մի քանի անգամ շատ յստակ հարցադրում եմ ունեցել, մինչեւ հիմա դրա պատասխանը տուող չկայ, ասենք՝ ի՞նչ պայմանագրեր են պէտք, քանի՞ միլիոն եւրօ է պէտք, որպէսզի դատարանի շէնքում մեղադրեալները չծեծուեն: Չկայ բացատրութիւն տուող»,-ըսած է ան։

Իրաւապաշտպանի վստահեցմամբ՝ քաղաքական կամքի առկայութեան պարագային ոչ մէկ դրամ եւ ոչ մէկ պայմանագիր պարտադիր է, որպէսզի իշխանութիւնը կատարէ իր բուն պարտականութիւնները:

«Համաձայնագիրը կնքելով՝ իշխանութեան նպատակն է շահել Եւրոպայի բարեհաճութիւնը, որ, ահա, տեսէք մարդիկ Եւրոպայի հետ մերձեցման կամ բարենորոգումների, քաղաքական բարեփոխումների կամք են դրսեւորում, մեր մարդն է, մեր տղան է։ Բայց դա չէ գլխաւորը, ամենակարեւորը՝ ունենալ իշխանութեան գոյութիւնը պահելու կամ երկարաձգելու եւս մի քանի տասնեակ միլիոն եւրօ: Այլապէս որեւէ բացատրութիւն չստացանք այն բանի համար, թէ ինչու են ձգտում դէպի եւրոպական բարեփոխումներ, իսկ երկրում կատարւում է դրա ճիշդ հակառակը՝ մարդու իրաւունքների ոլորտում, բազմաթիւ օրինակներ մենք ունեցանք գոնէ անցած տարիների ընթացքում, թէ ինչպէս կարելի է մենատիրական  համակարգում բռնանալ մարդկանց ՝ խաղաղ ցուցարարների  վրայ»,-պարզաբանած է Լեւոն Բարսեղեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment