Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Պատժամիջոցներ Սահմանած է Ռուսաստանցի «Օրէնքով Գողեր»ու, Այդ Շարքին՝ Հայազգի Ռուբէն Թաթուլեանի Դէմ

ԱՄՆ-ը Պատժամիջոցներ Սահմանած է Ռուսաստանցի «Օրէնքով Գողեր»ու, Այդ Շարքին՝ Հայազգի Ռուբէն Թաթուլեանի Դէմ

by MassisPost

ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութեան Օտարերկրեայ ունեցուածքներու վերահսկման գրասենեակը (OFAC) պատժամիջոցներ սահմանած է ռուսաստանցի տաս «օրէնքով գողեր»ու նկատմամբ։ Ցուցակին մէջ ներառուած է նաեւ հայազգի Ռուբէն Թաթուլեանի անունը, որ յայտնի է «Ռոպսըն» ծածկանունով եւ Հայաստանի վարչապետին տարեսկզբին աջակցութիւն յայտնած գործարարներէն է, որոնք յայտարարած էին, որ պիտի աջակցին Կարէն Կարապետեանին՝ Հայաստանի մէջ «խոր բարեփոխումներ իրականացնելու գործին»:

Պատժամիջոցներու ցանկին մէջ յայտնուած է նաեւ սոչիաբնակ Ռուբէն Թաթուլեանին պատկանող «Վեսնա» հիւրանոցն ու Մոսկուայի մէջ գրանցուած «Նովիյ Վեկ Մետիա» ընկերութիւնը։

«Թաթուլեանը «օրէնքով գողեր»ուն ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրած է։ 2010-ին ան նշանակուած է Սոչիի «նայող»։ Ան եւ Զախարի Քալաշովը ձերբակալուած էին 2015 թուականին, Սոչիի մէջ` քրէական հեղինակութիւններու հաւաքի ժամանակ։ Բացի այդ ան մի քանի անգամ օգնած է օրէնքի հետ խնդիրներ ունեցող «օրէնքով գող»ի»,- նշուած է OFAC-ի հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ Ռուբէն Թաթուլեան ՀՀ դիւանագիտական անձագիր ունի։

ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած այս նոր անունները «Օրէնքով գողերու եւրասիական քրէական կազմակերպութեան» անդամներ են։

«Օրէնքով գողեր» կազմակերպութիւնը եւրասիական քրէական գործակալութիւն է, որ ներգրաւուած է բազմաթիւ ապօրինի գործողութիւններու մէջ ողջ աշխարհով մէկ»,- յայտարարած է OFAC-ի տնօրէն Ճոն Սմիթը.- «Օրէնքով գողերուն պատժամիջոցներու ցուցակին մէջ ներառելը ընդհանուր մարտավարութեան մէկ մասն է, որուն նպատակն է ԱՄՆ-ին վտանգ սպառնացող անդրազգային յանցաւոր կազմակերպութիւններու ֆինանսական ենթակառուցուածքներու ոչնչացումը»։

ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ ԱՄՆ իրաւապահ մարմինները ռուսաստանեան «գողական» հանրութեան դէմ պայքար կը մղեն արդէն 25 տարի։

Անդրազգային յանցաւոր կազմակերպութիւններու դէմ սահմանուած պատժամիջոցները կը նշանակեն, որ ԱՄՆ տարածքին յայտնաբերուած՝ այդ խմբաւորումներուն պատկանող ունեցուածքն ու սեփականութիւնը պիտի սառեցուին։ ԱՄՆ քաղաքացիներուն կ’արգիլուի անոնց հետ գործարար կապեր հաստատել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment