Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Նախագահը Այցելած է Պատերազմին Զոհուած Հայ Զինուորներու Ընտանիքներուն

Իրանի Նախագահը Այցելած է Պատերազմին Զոհուած Հայ Զինուորներու Ընտանիքներուն

by MassisPost

Իրանի նախագահը Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ այցելած է իրանաիրաքեան պատերազմի ընթացքին զոհուած Էտուին Շահմիրեանի եւ Ժորժ Քէշիշ Յարութիւնեանի ընտանիքներուն:

Հասան Ռուհանին ըսած է, որ «իրանահայերը Իրանի հասարակութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին եւ մեծ յարգանք կը վայելեն»:

Իրանագէտ Արմէն Իսրայէլեանը ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է, որ 1980-1988 թուականներուն իրանաիրաքեան պատերազմին 17.000 իրանահայ մասնակցած է, որոնցմէ 260-ը նահատակուած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment