Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան. Եւրոպայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Կեանքին Թուրքիոյ Կողմէ Վտանգ կը Սպառնայ

Փայլան. Եւրոպայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Կեանքին Թուրքիոյ Կողմէ Վտանգ կը Սպառնայ

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ իրեն տեղեկութիւններ հասած են այն մասին, որ Թուրքիայէն Եւրոպա տեղափոխուած շարք մը հայերու, ալեւիներու, ինչպէս նաեւ թուրք ընդդիմադիր լրագրողներու, գրողներու ու մտաւորականներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ:

Ըստ թրքական «Gazetekarinca.com» լրատուական կայքին, Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» անդամ Փայլան այս հարցի վերաբերեալ գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է, ուր գրած է. «Ինծի տեղեկութիւն հասած է այն մասին, որ Եւրոպայի, յատկապէս՝ Գերմանիոյ մէջ ապրող հայկական ու ալեւիական համայնքներու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ AKP-ական իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան հետեւանքով ստիպուած երկրէն հեռացած լրագրողներու, գրողներու, գիտնականներու ու հասարակական գործիչներու դէմ մահափորձեր կը նախապատրաստուին»:

Փայլան նշած է, որ ահաբեկչութիւնները ծրագրող խումբերը կ’ուղղորդուին Թուրքիայէն:

«Գործ ունինք Թուրքիոյ մութ ուժերու կողմէն կազմակերպուած յանցաւոր խումբերու հետ, որոնք կը պատրաստուին զինուած յարձակումներ կատարել»,- նշած է Փայլան:

Հայ պատգամաւորը յայտարարած է, որ տեղեկութիւններ ստացած է յայտնի անձերու դէմ իրականացուելիք գործողութիւններու մասին, ինչը կրնայ մեծ աղմուկի պատճառ դառնալ: Փայլան նշած է, որ եւրոպական անվտանգութեան ծառայութիւնները լուրջ միջոցառումներ ձեռնարկած են այս տեղեկութիւններուն հիման վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment