Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններուն Վերաբերեալ Նալպանտեանի Յայտարարութիւնը Լայն Արձագանք Գտած է Թրքական Մամուլին Կողմէ

Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններուն Վերաբերեալ Նալպանտեանի Յայտարարութիւնը Լայն Արձագանք Գտած է Թրքական Մամուլին Կողմէ

by MassisPost

Յունաստան կատարած այցի շրջագիծէն ներս Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի  յայտարարութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ լայն արձագանք  գտած է թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ: Բազմաթիւ թերթեր  Նալպանտեանի  յայտարարութիւնը հրապարակած են վերնագրերով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը,  մեծ տարածում  ունեցող թուրքական «Հիւրիէթ» թերթը մասնաւորապէս մէջբերած է Նալպանտեանի հետեւեալ խօսքերը. «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Սեպտեմբերին յայտարարել է, որ Երեւանն առ ոչինչ է համարելու արձանագրութիւնները: Այդ ժամանակից ի վեր դրանց  վաւերացման ուղղութեամբ որեւէ դրական քայլ չի կատարուել: Այդ իսկ պատճառով 2018 թուականի գարունը դիմաւորելու ենք առանց արձանագրութիւնների»:

Նախարարի խօսքին նոյն հատուածը մէջբերած է նաեւ թրքական «Հապարթուրքը» յիշեցնելով, որ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուէին երկու երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ:

Թրքական «Միլլիեթ»-ը յիշեցուցած է, որ արձանագրութիւնները ստորագրուած էին Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ:

Նալպանտեանի յայտարարութիւնը տեղ  գտած է  մի շարք այլ թրքական լրատուամիջոցներու էջերուն վրայ, ինչպէս Sputnik-ի թրքական ծառայութիւնը, «Ջումհուրիեթ»-ը, CNN Turk-ը, Gazete Duvar-ը, Bianet-ը, MyNet.com-ը, Haberler-ը, Karar-ը եւ այլն:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս  Նալպանտեան  խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու մասին, յիշեցուցած է, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց սկսած էր, որ հանգեցուց 2009-ի Հոկտեմբերին Զիւրիխի մէջ արձանագրութիւններու ստորագրման: Այնուամենայնիւ, նախարարը ընդգծած է, որ մինչ օրս այս փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, քանի որ Թուրքիան առաջ քաշած է  անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասէին Արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment