Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի Միջեւ Առեւտուրի Ծաւալները Աւելացած են 35 Տոկոսով

Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի Միջեւ Առեւտուրի Ծաւալները Աւելացած են 35 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առեւտուրի ծաւալները այս տարուայ Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն աւելացած են 35 տոկոսով: Այս մասին հաղորդած է Երեւանի մէջ Ամերիկայի դեսպանատունը:

Երկու երկիրներու միջեւ առեւտրային շրջանառութիւնը նոյն ժամանակամիջոցին հասած  է 99,5 մլն տոլարի:

ԱՄՆ դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանը  յաջող արտահանման խթան է եւ Ամերիկայի արտօնութիւններու ընդհանուր համակարգը  թոյլ  կու տայ շատերուն առանց մաքսատուրքերու ապրանք հասցնել Միացեալ Նահանգներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment