Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը Փոխադրած է Խորհրդարան

Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը Փոխադրած է Խորհրդարան

by MassisPost

Թուրքիոյ հայ համայնքը տեւական ժամանակէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման հարցով պատասխան կը սպասէ ներքին գործերու նախարարութենէն: Վերջինս դեռ չէ պատասխանած Պոլսոյ նահանգապետարանի միջոցաւ պատրիարքարանի կողմէ ներկայացուած դիմումին:

Թուրքիոյ խորհրդարանի  հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարցը տեղափոխած է մեճլիս՝ գրաւոր հարցում ուղղելով ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին: Ինչպէս կը հաղորդում է «Արմէնբրէս»-ը:

Գրաւոր հարցման մէջ Փայլան յիշեցուցած է, որ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան առողջական խնդիրներու հետեւանքով չի կրնար կատարել իր պարտականութիւնները: Ան նշած է, որ պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած էր Նախաձեռնող խումբ, որ յատուկ դիմում ուղարկած էր Պոլսոյ նահանգապետարան՝ ընտրութիւնները կազմակերպելու խնդրանքով, սակայն այդ դիմումին մինչ օրս պատասխան չէ եկած, մինչդեռ ընտրութիւնները կը նախատեսուէր կազմակերպել 10-13 Դեկտեմբերին ինկած ժամանակահատուածին:

Փայլան ընդգծած է, որ համաձայն լրատուամիջոցներուն մէջ տեղ գտած տեղեկատուութեան՝ Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ Շահին ըսած է, թէ «պետութիւնը Գարեգին Պեքճեանին չի ճանչնար որպէս պատրիարքական տեղապահ եւ կ’ուզէ, որ ընտրութիւնը ըլլայ պատրիարքարանի միւս երկու եպիսկոպոսներուն միջեւ»:

«Պետութեան կողմէ պատրիարքի ընտրութիւններուն նման կերպ միջամտելը եւ գործընթացի այսքան ձգձգուիլը համայնքի մէջ անհանգստութեան պատճառ դարձած է»,- փաստած է հայ պատգամաւորը:

Ան նախարարէն պահանջած է պատասխանել` արդեօք որն է պատրիարքական ընտրութիւններուն պետութեան միջամտութեան հիմքը, իսկապէս կայ միջամտութիւն պատրիարքական ընտրութիւններուն, ինչպէս նշած էր Իսթանպուլի  նահանգապետը: Բացի այդ, ան փորձած է հասկնալ, ո±ն է ընտրութեան կազմակերպման գործընթացի ձգձգումը, եթէ հայկական համայնքէն ներս կայ համաձայնութիւն եւ աշխատանքները այդ ուղղութեամբ արդէն սկսած են:

Ի վերջոյ, Փայլան հարցուցած է, թէ ե±րբ պիտի աւարտին պատրիարքի ընտրութիւնը արգիլելու փորձերը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment