Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարուքեան․ Հանրապետութեան Նախագահի Ելոյթով Արձանագրուեցաւ, որ Իշխանութիւնը Տեղեակ Եղած է Թալանի Մասին

Մարուքեան․ Հանրապետութեան Նախագահի Ելոյթով Արձանագրուեցաւ, որ Իշխանութիւնը Տեղեակ Եղած է Թալանի Մասին

by MassisPost

Սերժ Սարգեանի յայտարարութիւնը ցոյց տուած է, որ բարձր իշխանութիւնը տեղեակ եղած է թալանի մասին, սակայն թալանչիներուն ներած են, քանի որ անոնք ձայներ ապահոված են իշխանութիւններու համար, երէկ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, կարծիք յայտնած է Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը՝ անդրադառնալով շաբաթ օր տեղի ունեցած Տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն նուիրուած խորհրդաժողովին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին:

Այդ ելոյթի ժամանակ նախագահը համայնքապետերուն զգուշացուցած էր, որ եթէ անոնք շարունակեն, չարաշահելով պաշտօնը, ժողովուրդի փողերը տուն տանիլ, ապա Նոր տարուընէ ետք ներում  պիտի չըլլայ: – «Մենք պատրաստ չենք տեսնելու, թէ ձեզմէ ոմանք ինչպէս են մեր բնակչութեան փողերը տանում իրենց տուն: Ամօ՛թ է», – ըսած էր Սարգսեան: – «Եւ խնդրում եմ, որեւէ մէկը Նոր տարուց յետոյ՝ լինի մարզպետ, լինի նախարար կամ ինձ մօտ մարդ, չմիջնորդի որեւէ համայնքապետի ներելու համար այդպիսի դէպքերում», – ընդգծած էր ան:

Էտմոն Մարուքեան մեկնաբանած է․ – «Փաստօրէն Հանրապետութեան նախագահի այդ ելոյթով արձանագրուեց, որ բարձր իշխանութիւնը տեղեակ է եղել թալանի մասին, իրաւապահ մարմինները իրենց տեղում են եղել, գործեր են յարուցել, ուսումնասիրել են՝ ինչպէ՞ս է իշխանութիւնը իմացել, չէ՞, որ թալան է եղել: Հասել է տեղ դա, որ պէտք է այս մարդը քրէական հետապնդման ենթարկուի կամ դատապարտուի, եւ ինչ-որ մարզպետ, տարածքային կառավարման նախարար միջնորդել է ու այդ մարդկանց ներել են: Եւ ըստ էութեան ոչ թէ ՏԻՄ-ն է կայացել, այլ կայացել է թալանչիների մի մեծ խմբաւորում, որը յետագայում իր ծառայութիւններն է մատուցել ամէն ընտրութեան ժամանակ: Եւ նրանք ներուել են, որովհետեւ լաւ են ձայներ հաւաքում, լաւ են ընտրակաշառքը բաժանում: Եւ իշխանութիւնը ամենաբարձր մակարդակով ներել է այդ մարդկանց»:

Հաշուի առնելով նախագահի յայտարարութիւնը՝ Էտմոն Մարուքեան ընդգծած է՝ Գլխաւոր դատախազը պէտք է ընթացք տայ ելոյթի ժամանակ հնչած միտքերուն․ – «Եթէ ես լինէի Գլխաւոր դատախազը, ես անպայման ընթացք կտայի, կը սկսէի զբաղուել այդ գործով, տեսնէի ո՞ր մարզպետներն են, որ միջնորդել են եւ ինչ ընթացակարգերով են ներուել»:

Հարցին, թէ արդեօք հնարաւոր է, որ «Ելք»ը դիմէ Գլխաւոր դատախազին՝ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն ընթացք տալու պահանջով, Էտմոն Մարուքեան ըսած է, թէ դաշինքը այդ հարցը դեռ չէ քննարկած, սակայն երկրի ղեկավարը այդ յայտարարութիւնը ըրած է հրապարակային եւ իրաւապահ մարմինները այդպիսի յայտարարութիւն պարտաւոր են ուսումնասիրել:

Իշխող Հանրապետականի խօսնակ, ԱԺ փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանով, մինչդեռ, համաձայն չէ եղած ընդդիմադիր գործընկերոջ հետ եւ հակադարձած է՝ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը յանցագործութեան մասին հաղորդում չէ, նախագահը ընդամէնը իր մտահոգութիւնները հնչեցուցած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment