Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Լրագրողներուն Ցմահ Ազատազրկում կը Սպառնայ

Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Լրագրողներուն Ցմահ Ազատազրկում կը Սպառնայ

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ կիւլէնականներու լրատուական կայքերու գործով դատական նիստին մեղադրող կողմը 7 մեղադրեալներէն 3–ի համար ցմահ ազատազրկում պահանջած է։

Թրքական «BirGun» պարբերականի փոխանցմամբ՝ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով 26–րդ դատարանէն ներս ընթացող դատավարութեան պետական մեղադրողը պահանջած է «Սահմանադրական կարգը խախտելու» մէջ մեղադրուող լրագրողներ Ահմետ Ալթանի, Մեհմետ Ալթանի եւ Նազըլը Ըլըճաքի համար ցմահ ազատազրկում։

Մեհմետ եւ Ահմեր Ալթանները ներկայ չեն եղած դատարան, սակայն դատավարութեան մասնակցած են Skype-ի միջոցով։

Նշենք, որ ձերբակալուած երկու մտաւորականներն ալ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխոյժ կողմնակիցներէն էին ու բազմաթիւ յօդուածներ գրած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment