Թուրքիոյ մէջ կիւլէնականներու լրատուական կայքերու գործով դատական նիստին մեղադրող կողմը 7 մեղադրեալներէն 3–ի համար ցմահ ազատազրկում պահանջած է։
Թրքական «BirGun» պարբերականի փոխանցմամբ՝ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով 26–րդ դատարանէն ներս ընթացող դատավարութեան պետական մեղադրողը պահանջած է «Սահմանադրական կարգը խախտելու» մէջ մեղադրուող լրագրողներ Ահմետ Ալթանի, Մեհմետ Ալթանի եւ Նազըլը Ըլըճաքի համար ցմահ ազատազրկում։
Մեհմետ եւ Ահմեր Ալթանները ներկայ չեն եղած դատարան, սակայն դատավարութեան մասնակցած են Skype-ի միջոցով։
Նշենք, որ ձերբակալուած երկու մտաւորականներն ալ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխոյժ կողմնակիցներէն էին ու բազմաթիւ յօդուածներ գրած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին։