Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ «Այսօր, Առաւել Քան Երբեւէ, Պէտք է Կարեւորել Խօսքի Ազատութիւնը»

ԱՄՆ Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ «Այսօր, Առաւել Քան Երբեւէ, Պէտք է Կարեւորել Խօսքի Ազատութիւնը»

by MassisPost

ԱՄՆ դեսպանութիւնը, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանութիւնը, Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակը եւ Եւրոպայի խորհուրդի երեւանեան  գրասենեակը երէկ տեղի ունեցած Համընդհանուր իրաւունքներու մրցանակաբաշխութեան ընթացքին իրենց գնահատանքը յայտնած են այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք հանդէս եկած են Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան, բազմազանութեան, կրօնական հանդուրժողականութեան, ժողովրդավարութեան, թափանցիկութեան, իրաւական բարեփոխումներու ու հաւասար հնարաւորութիւններու խթանման դիրքերէն:

ԱՄՆ դեսպանատան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ միջոցառման մասնակցած են ՀՀ պաշտօնեաներ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, քաղաքացիական հասարակութեան եւ ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ:

Հայաստանի մէջ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթոն, յանձնած է «Խիզախ կին» մրցանակը։

«Ճգնաժամերու եւ զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին առաւել վտանգի տակ կը դրուին մարդու իրաւունքները, եւ այս ժամանակներուն է, երբ ի յայտ կու գան այն քիչերը, որոնք խիզախութիւն ունին օգնելու միւսներուն, երբ վտանգուած է իրենց սեփական կեանքը։ Անի Պալխեան այդ քիչերէն էր, որ առանց վարանելու յանձն առաւ մարդկային կեանքեր փրկելու առաքելութիւնը՝ օգնելով շատերուն դուրս գալ սուրիական հակամարտութեան գօտիէն։ Ան խիզախ գտնուեցաւ նաեւ անկէ ետք՝ Հայաստանի մէջ, երբ  շարունակեց օգնել Սուրիայէն տեղահանուած ընտանիքներուն։ Պատիւ ունիմ Պալխեանին յանձնելու «Խիզախ կին» մրցանակը՝ մարդասիրական առաքելութեան, մարդկային կեանքեր փրկելու եւ փախստականներու պաշտպանութիւնը առաջ մղելու իր բացառիկ նուիրուածութեան եւ Սուրիայէն տեղահանուած ընտանիքներուն ընդելուզման ուղղուած անոր խիզախ քայլերուն համար», – նշած է Պուզեթթոն։

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Պիոթր Սվիթալսքին «Իրազէկ քաղաքացիներու միաւորում» ՀԿ-ին յանձնած է «Արդարութեան եւ թափանցիկութեան խթանում» մրցանակը:

Երեւանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Նաթալիա Վութովան յանձնած է «Կառավարութեան բարեփոխիչ» մրցանակը:

ՀՀ-ի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլզ «Մետիա գերազանցութիւն» մրցանակը յանձնած է «Մետիալապ» խմբագրութիւն-լապորաթորիային:

«Այսօր, առաւել քան երբեւէ, պէտք է կարեւորել խօսքի ազատութիւնը. այս է ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան հիմքը: Ինծի մեծ պատիւ վերապահուած է յանձնել «Մետիա գերազանցութեան» մրցանակը «Մետիալապ» խմբագրութիւն-լապորաթորիային՝ այսօր հայաստանեան հասարակութեան առջեւ ծառացած առաւել հակասական հարցերուն լոյս սփռելու ու անոնց շուրջ հանրային քննարկումներ սկսելու հետեւողական աշխատանքի համար», – ըսած է դեսպան Միլզը:

Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան փոխդեսպան Էլիսըն Չիքը յանձնած է «Ազատութեան պաշտպան» մրցանակը:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ այս տարի առաջին անգամ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանութիւնները համատեղ ներկայացուցած են «Հաւասար հնարաւորութիւններու ֆրանս-գերմանական մրցանակը»:  Մրցանակը ստացած է Գիւմրիի «Ագաթ – հաշմանդամութիւն ունեցող կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոն» ՀԿ-ն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment