Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու 24-րդ խորհուրդի նիստի աշխատանքներուն մասնակցող ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը այսօր հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
ԱԳՆ փոխանցմամբ՝ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր, անդրադարձած երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Անդրադարձ եղած է նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, երէկ Վիեննայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ըսած է, թէ Ռուսաստանը դրական գնահատած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ երկխօսութիւնը:
«Հակամարտ կողմերու միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը ցաւօք դեռ լուրջ առաջընթացի չէ յանգած, բայց մեզի դրական կը թուի այն փաստը, որ այս տարուայ ընթացքին երկխօսութիւն տեղի ունեցաւ նախագահներու, եւ ոչ մէկ անգամ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով.,- ըսած է ան:
Լաւրով նշած է, որ Ռուսաստանը ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հետ պիտի շարունակէ միջնորդական խմբային ջանքերը: «Այս (ԵԱՀԿ) նիստին մենք նորէն հաստատեցինք կարգաւորման սկզբունքները, որոնք կողմերը ընդունած են, բայց դեռ գործնական քայլերու չեն վերածած: Սա հեշտ գործ չէ, բայց մենք պիտի շարունակենք զբաղուիլ այս հարցով»,-ըսած է Լաւրով, ամփոփելով ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի աշխատանքները: