Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կիւմրիի Մէջ Կեանքը Որակապէս Պիտի Փոխուի. Կարէն Կարապետեան

Կիւմրիի Մէջ Կեանքը Որակապէս Պիտի Փոխուի. Կարէն Կարապետեան

by MassisPost

Կիւմրիի մէջ կեանքը որակապէս պիտի փոխուի, երէկ Գիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանը՝ նշելով. – «Մենք ամէն օր պէտք է աշխատենք, որպէսզի այստեղի կեանքը փոխուի, եւ իրականում փոխուելու է»։

Վարչապետը նշած է, որ այն խնդիրները, որ այսօր Կիւմրին ունի, ժողովուրդը ունի, յաղթահարելի են։ «Ուղղակի պէտք է լաւատեսութեամբ դրան նայել եւ համապատասխանաբար աշխատել», – ըսած է Կարապետեան։

Հարցին, թէ ե՞րբ աշխատատեղեր պիտի ստեղծուին, վարչապետը պատասխանած է. – «Վաղը չէ միւս օրը ասեմ։ Ամէն օր դրա վրայ ենք աշխատում, պայմանները ստեղծում ենք, որպէսզի պիզնեսը գայ, աշխատատեղ ստեղծի, ենթակառուցուածքները, յատուկ ծրագիր ունենք։ Աշխատատեղեր ե՞րբ են բացուելու՝ ի՞նչ պատասխանեմ Ձեզ, սիրելիս, ասեմ վաղը չէ միւս օրը»։

Մէկ այլ հարցի, թէ ի՞նչ կ’ընեն աղքատութիւնը կրճատելու համար, Կարէն Կարապետեան պատասխանած է. – «Կառավարութեան ամբողջական ծրագիրը դրան է ուղղուած»:

Նշենք, որ Կիւմրիի մէջ երէկ հոգեհանգստեան կարգ մատուցուած է՝նուիրուած երկրաշարժի 29-րդ տարելիցին։ Արարողութեան կը մասնակցէր նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment