Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իր ղեկավարած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան համագումարին ելոյթի ժամանակ անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ հերթական անգամ անոնք պայմանաւորելով հայկական սփիւռքի գործօնով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Հուրրիյէթ» պարբերականը, իր կուսակիցներուն առջեւ Էրտողան, անտեսելով այն հանգամանքը, որ թրքական կողմն է Հայաստանի հետ սահմանը փակ պահողը, յայտարարած է, թէ «սփիւռքի ազդեցութեան տակ Հայաստանը փակած է Թուրքիոյ հետ բարեկամական բոլոր ուղիները»:
Որպէս Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն հակակշիռ՝ ան օրինակ բերած է Վրաստանը, որ, ըստ Էրտողանի կարծիքի, կամուրջ կը ծառայէ Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի, ինչպէս նաեւ կովկասեան տարածաշրջանի ու Միջին Ասիոյ միջեւ:
«Այս երկու օրինակները շատ իմաստալից են: Մեզ հետ բարեկամութիւն ընողը կը շահի, իսկ «քէն քշողը»՝ կը կորսնցնէ»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը: