Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նախագահ Սարգսեան Ղարաբաղի մէջ Ծանօթացած է Հայկական Արտադրութեան Նոր Գաղտնի Զէնքին

Նախագահ Սարգսեան Ղարաբաղի մէջ Ծանօթացած է Հայկական Արտադրութեան Նոր Գաղտնի Զէնքին

by MassisPost

Հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման բազմակողմ ծրագրի ծիրէն ներս, 1-էն 4 Դեկտեմբեր օրերուն Պաշտպանութեան Բանակ այցելած է Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Աշխատանքային այցի ընթացքին նախագահները եղած են նաեւ ռազմական նշանակութիւն ունեցող շարք մը կառոյցներ եւ ծանօթացած հակառակորդին առաւել արդիւնաւէտօրէն հակազդելու նպատակով ստեղծուած եւ ՊԲ-ի մէջ ներդրուած  շարք մը՝ բացայայտման եւ հանրայնացման ոչ ենթակայ նորամուծութիւններու, խրախուսել նշուած եւ յարակից գործընթացներու մէջ աչքի ինկած եւ առաւելագոյն ներդրում ունեցած զինծառայողները:

Անոնք մասնաւորապէս այցելած են «Ասպարէզ» ուսումնական կեդրոն, ուր անոնց ներկայացուցած են հայկական արտադրութեան նոր զինթեխնիկայի մարտավարաթեխնիքական բնութագրերը եւ նշանակութիւնը, որմէ ետք դիտաշտարակէն  հետեւած են անոնց կիրառման ընթացքին:

Աշխատանքային այցի ընթացքին, հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ յարգանքի տուրք մատուցուած է նաեւ խորհրդային միութեան կրկնակի հերոս, մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանի յիշատակին, որու 120-ամեակը լրացաւ Դեկտեմբեր 2-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment