Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ Խորհուրդի Նիստը Ընդունուած է Երեւանի Ներկայացուցած Յայտարարութեան Նախագիծը

ՀԱՊԿ Խորհուրդի Նիստը Ընդունուած է Երեւանի Ներկայացուցած Յայտարարութեան Նախագիծը

by MassisPost

Մինսքի մէջ աւարտած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը: Նախագահի կայքէջի հաղորդմամբ՝ խորհուրդի նեղ կազմով նիստին յաջորդած լիագումար նիստին կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախագահները քննարկած են աւելի քան երկու տասնեակ հարցեր, ստորագրած են շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան յառաջիկայ տարիներու ռազմավարութեան իրագործման, կազմակերպութեան ռազմական բաղադրիչի յետագայ զարգացման, պաշտպանութեան, արտաքին քաղաքականութեան եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէչ փոխգործակցութեան:

«Նստաշրջանի շրջանակներում ընդունուել են նաեւ քաղաքական յայտարարութիւններ, այդ թուում` Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած «ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման հարցում ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահող երկրների միջնորդական ջանքերին աջակցելու» վերաբերեալ յայտարարութիւնը, որում ՀԱՊԿ անդամ երկրների նախագահները եւս մէկ անգամ վերահաստատել են իրենց աջակցութիւնը ՄԽ համանախագահողների գործունէութեանը, ինչպէս նաեւ հիմնահարցի կարգաւորման յայտնի երեք` ազգերի ինքնորոշման իրաւունքի, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներին»,- նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment