Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտօնական Ստեփանակերտ . Թուրքիոյ Ներգրաւումը Բանակցութիւններուն Անհնարին է եւ Անթոյլատրելի

Պաշտօնական Ստեփանակերտ . Թուրքիոյ Ներգրաւումը Բանակցութիւններուն Անհնարին է եւ Անթոյլատրելի

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, 29 նոյեմբերին, յայտարարած է, որ Անգարայի մէջ հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի հետ:

Անդրադառնալով այդ հանդիպմա՝ Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան  յայտնած է, որ, առհասարակ, պէտք է խոստովանիլ մէկ բան` Թուրքիան մշտապէս ներգրաւուած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գործընթացին մէջ:

«Այդ ներգրաւուածութիւնը բացասական է, եւ ասիկա բոլորի համար ակնյայտ է: Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը բացէ ի բաց ուղղուած է հայոց պետականութեան դէմ, որ կը դրսեւորուի ո՛չ միայն Ատրպէյճանին սատարելով, զայն յարձակման դրդելով եւ հովանաւորելով զինք, այլ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումով, անոր ճանաչման պահանջին դէմ հակահայկական տարբեր ծրագիրներ իրականացնելով»,- ըսած է Դ. Բաբայեան եւ նշած, որ այսպիսի հանդիպումներով, ի հարկէ, չի նշանակեր, որ Թուրքիան պաշտօնապէս պէտք է դառնայ հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդներէն մէկը, որ անհնար է եւ պարզապէս անթոյլատրելի:

Դ. Բաբայեան ընդգծած է, որ վերջին շրջանին թրքական կողմի աշխուժութիւնը ղարաբաղեան հիմնախնդրի գործին մէջ ակնյայտ է, եւ այդպիսի հանդիպումներու ժամանակ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահները հաւանաբար Թուրքիոյ կը հասկցնեն, որպէսզի ան չհատէ «կարմիր գիծ»-ը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment