Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ․ Ղարաբաղի Հարցի Մէջ Սթաթուս Քոն Պէտք է Փոխուի

Ալիեւ․ Ղարաբաղի Հարցի Մէջ Սթաթուս Քոն Պէտք է Փոխուի

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ սթաթուս քոն պէտք է փոխուի, եւ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու ծիրէն ներս, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ելոյթ ունենալով Պաքուի մէջ ընթացող «Ասիայի սիրտը – Իսթանպուլեան գործընթաց» համաժողովին:

«Ատրպէյճանի տարածքի մէկ հինգերորդը գրաւուած է: Մեր բնակավայրերը, մզկիթները աւերուած են: Սթաթուս քոն պէտք է փոխուի, ինչը բազմիցս ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները: Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու ծիրէն ներս», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը 30 Նոյեմբերին Պաքուի մէջ քննարկած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները: «Ասիայի սիրտը – Իսթանպուլեան գործընթաց» համաժողովին մասնակցելու նպատակով Ատրպէյճանի մայրաքաղաք ժամանած թրքական դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, թէ Թուրքիան քայլեր պիտի ձեռնարկէ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման եւ «Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքները ազատագրելու» համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment