Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը Բոլորիս Համատեղ Յաջողութիւնն է»․ ՀՀ Նախագահ

«ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը Բոլորիս Համատեղ Յաջողութիւնն է»․ ՀՀ Նախագահ

by MassisPost

«2017 թուականը իրաւամբ կարելի է համարել Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու քառորդդարեայ պատմութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը, որ կը նշանաւորուի այսօր՝ այս գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրմամբ»։ Նախագահի կայքէջի փոխանցմամբ, երէկ այս մասին Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկած ԵՄ Արեւելեան գործընկերութան գագաթնաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ըսած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

«Անիկա բոլորիս համատեղ յաջողութիւնն է եւ կրնայ դրական նախադէպ դառնալ համագործակցային այլ ծրագիրներու համար»,- նախապէս ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ըսած էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, աւելցնելով, որ «Անիկա համընդգրկուն փաստաթուղթ է, կ՝արտացոլէ մեր երկկողմ փոխգործակցութեան վերջին շրջանի նշանակալի զարգացումները եւ կը սահմանէ անոնց խորացման համար անհրաժեշտ ուղենիշները:

Այս համաձայնագիրը սոսկ նոր իրաւական փաստաթուղթ չէ, այլ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վրայ խարսխուած այն արժեհամակարգի արտացոլումն է, որ մենք կը դաւանենք: Համաձայնագիրին հիմքը ժողովրդավարութեան արմատաւորման այնպիսի կարեւոր դրոյթներ են, ինչպէս՝ իրաւունքի գերակայութիւնը, արդարադատութեան ամրապնդումը, պետական եւ հասարակական հիմնարկներու զարգացումը, լաւ կառավարումը: Այս դրոյթները արդիւնաւէտ կեանքի կոչելը կենսական կարեւորութիւն ունի մեր երկրին մէջ յետագայ բարեփոխումները յաջողութեամբ իրականացնելու տեսանկիւնէ»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment