Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեան Դարձեալ Գովերգած է Թուրքիոյ Գործող Իշխանութիւնները

Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեան Դարձեալ Գովերգած է Թուրքիոյ Գործող Իշխանութիւնները

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեան հերթական անգամ երախտագիտութիւն յայտնած է Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նախագահ Էրտողանին: Օրերս Տիարպէքիր եւ հայրենի Սիլվան կատարած այցէն ետք Աթեշեան «Անատոլու» գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ պնդած է, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն եւ, մասնաւորապէս, հայ համայնքի կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւններ գրանցուած են:

Ան նշած է, թէ հայերը շատ դժուարութիւններ ունեցած են Թուրքիոյ պատմութեան հանրապետական շրջանին, սակայն 2002 թուականէն սկսեալ՝ ԱԶԿ-ի իշխանութեան գալէն ի վեր իրավիճակը փոխուած է: «Նախապէս մարդիկ չէին համարձակիր ըսել, որ քրիստոնեայ են: Մեր, յոյներու, հրեաներու եւ պուլկարներու հիմնադրամները ոչնչացնելու համար գոյքի հազարաւոր միաւորներ խլուեցան: Այն ժամանակ նախագահի կամ վարչապետի հետ հանդիպիլը անգամ երազ էր:

«Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան իշխանութեան գալով՝ զգացինք, որ իսկապէս գոյութիւն ունինք: Մեզի վերադարձուցին մեր ինքնութիւնը, գոյքի մէկ մասը: Այս ամէնը իշխող կուսակցութեան եւ նախագահի շնորհիւ եղաւ, ինչի համար անոնց պարտական ենք»,-ըսած է Աթեշեան, աւելցնելով, որ ներկայիս կառավարութեան օրօք լուծում ստացած են  շարք մը կարեւոր խնդիրներ՝ դիւրացած է կրօնական պատկանելիութեան փոփոխման գործընթացը, եկեղեցիներու վերանորոգման հարցը:

Թուրքիոյ գործող իշխանութիւններու հետ մշտապէս լաւ յարաբերութիւններ պահպանող Աթեշեանը խօսած է նաեւ տարիներ առաջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի՝ Թուրքիա այցի ժամանակ փոքրամասնութիւններու հարցով թրքական իշխանութիւններու հասցէին հնչեցուցած քննադատութեան: «Մերքէլին ըսի, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ետք երկրի մէջ շատ բան փոխուած է: Փոքրամասնութիւններու խնդիրները եթէ ոչ ամբողջութեամբ, ապա մեծ մասամբ լուծուած են»,-յայտարարած է Աթեշեան:

Պատասխանելով թրքական իշխանութիւններէն ունեցած սպասելիքներու մասին հարցին՝ արքեպիսկոպոս Աթեշեան նշած է, թէ համայնքային հիմնադրամներու նիւթական կայունութեան համար կ’ակնկալեն ետ ստանալ համայնքապատկան գոյքը, ինչպէս նաեւ պատրիարքարանի եւ համայնքի իրաւական կարգավիճակի հետ կապուած խնդրի լուծում: Աթեշեան, սակայն, չէ անդրադարձած պոլսահայ համայնքի ամենագլխաւոր օրակարգային հարցին՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment