Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այս Տարի Հայաստանէն Իրան Արտահանումը Աճած է 9 Տոկոսով

Այս Տարի Հայաստանէն Իրան Արտահանումը Աճած է 9 Տոկոսով

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Իրանի նաւթի նախարարի տեղակալ, կազի ազգային ընկերութեան կառավարող տնօրէն Համիտ Ռեզա Արաղիին:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, հանդիպման ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սեյետ Քազեմ Սաճատին:

Զրուցակիցները քննարկած են Կարէն Կարապետեանի՝ ընթացիկ տարուայ Հոկտեմբերին Իրան կատարած պաշտօնական այցի ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, անդրադարձ կատարած հայ-իրանական տնտեսական համագործակցութեան առնչուող  շարք մը հարցերու:

Հայաստանի վարչապետն ու Իրանի նաւթի նախարարի տեղակալը կարեւորած են ուժանիւթի ոլորտի մէջ փոխշահաւէտ ծրագիրներու իրականացումը, Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի գործարկումը, արտահանող եւ ներմուծող համատեղ ընկերութեան ստեղծումը:

Վարչապետը նշած է, որ ընթացիկ տարուան Հայաստանէն Իրան արտահանումը աճած է 9 տոկոսով եւ աւելցուցած, որ այդ ցուցանիշը մեծցնելու համար առկայ է լուրջ ներուժ:

Կարէն Կարապետեանը վստահութիւն յայտնած է, որ վերը նշուած բոլոր ծրագիրները նոր թափ կը հաղորդեն առեւտրատնտեսական կապերու զարգացմանն ու ընդլայնման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment