Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հակառակ Ատրպէյճանի Ջանքերուն՝ Booking.com-ը Վերսկսած է Հիւրանոցներու Ամրագրումը Ղարաբաղի Մէջ

Հակառակ Ատրպէյճանի Ջանքերուն՝ Booking.com-ը Վերսկսած է Հիւրանոցներու Ամրագրումը Ղարաբաղի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը երէկ ըսած է, որ Հոլանտայի մէջ գրանցուած Booking.com կայքը վերականգնած է Ղարաբաղի մէջ հիւրանոցի սենեակներ ամրագրելու հնարաւորութիւնը, որու դէմ Ատրպէյճանը միջոցներ կը ձեռնարկէ՝ այն համարելով հակաօրինական: Booking.com կայքը ամբողջ աշխարհի մէջ հիւրանոցներ առաջարկող ամենայայտնի ճանապարհորդական կայքերէն մէկն է:

«Ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքներուն մէջ հիւրանոցներ առաջարկող Booking.com կայքի գովազդը կը հակասէ միջազգային չափանիշերուն», – ատրպէյճանական APA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հիքմէթ Հաճիեւը, աւելցնելով, թէ միջազգային դրամական փոխանցումները դէպի Ղարաբաղ փակ են, եւ ըստ անոր՝ Booking.com կայքով իրականացուող օն-լայն պատուէրները, անոնցմէ ստացուած կայքի եկամուտները «հաւասարազօր են դրամական անօրինական փոխանցումներու եւ աղտոտ փողերու լուացման»:

«Այս իրավիճակի հետ կապուած` Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնները համակարգուած գործողութիւններու դիմած են, ինչպէս նաեւ համապատասխան հրահանգներ ուղարկուած են Հոլանտայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան», – ըսած է ԱԳՆ մամլոյ խօսնակը:

Ղարաբաղի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերով եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան հարցերը համակարգող Արտակ Գրիգորեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է. – «Մեզ համար նորութիւն չէ, որ ատրպէյճանական կողմը տարբեր միջոցներով փորձում է ազդեցութիւն գործել նաեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառի վրայ, չնայած զբօսաշրջութիւնը քաղաքականութեան հետ կապ չունեցող ոլորտ է: Այստեղ մենք խնդիր ենք տեսնում ոչ թէ Ատրպէյճանի դիրքորոշման հետ կապուած, որը մեզ համար նոր չէ, մեզ համար աւելի մեծ խնդիր կը լինի, եթէ այդ կազմակերպութիւնները փորձեն շարժուել Ատրպէյճանի առաջարկած տրամաբանութեամբ»:

Գրիգորեանի գնահատմամբ, Ատրպէյճանը կը խախտէ միջազգային չափանիշերը ու կը փորձէ խոչընդոտել նաեւ զբօսաշրջութեան միջազգային ցուցահանդէսներուն Ղարաբաղի մասնակցութեան: – «Ամէն դէպքում մենք փորձում ենք արձագանգել եւ արժանի պատասխան տալ նրանց», – նշած է ան:

Արտակ Գրիգորեանը յայտնած է, որ Ղարաբաղի մէջ հինգ տասնեակ հիւրանոցներ կան, ընդհանուր առմամբ 1400 մահճակալներով, իսկ զբօսաշրջիկներու թիւը այս տարուան 10 ամիսներու տուեալներով, անցած տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ, աճած է մօտաւորապէս 40 տոկոսով: 2017-ին արդէն 20 հազարէն աւելի զբօսաշրջիկ այցելած է Ղարաբաղ: Ան յատուկ նշած է, որ խօսքը միայն օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու մասին է: Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան ոլորտի վիճակագրութիւնը հայաստանցիներու այցերը չի հաշուեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment