Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Էրտողան. Փութինը Յոյսեր Չի Կապեր, որ Ղարաբաղեան 5 Շրջանները Ատրպէյճանին կը Վերադարձուին

Էրտողան. Փութինը Յոյսեր Չի Կապեր, որ Ղարաբաղեան 5 Շրջանները Ատրպէյճանին կը Վերադարձուին

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան լրագրողներուն ներկայացուցած է Ռուսաստան, Քուէյթ եւ Քաթար կատարած այցերու արդիւնքները:

Ատրպէյճանական «Ապա» գործակալութիւնը, յղում ընելով թրքական «star.com.tr»-ին, յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահը պատմած է, որ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած է նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորման թեման:

«Մենք պարոն Փութինին հետ քննարկեցինք ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Ռուսաստան ազդեցութիւն ունի Հայաստանի վրայ: Կայ որոշում 7-էն 5 գրաւուած շրջաններու մասին (նկատի ունի ՄԱԿ ԱԽ բանաձեւերու մասին): Մենք նշած ենք այդ որոշումներու կատարման անհրաժեշտութիւնը: Պարոն Փութինը այդ մէկը հնարաւոր կը համարէ, սակայն որքանով հասկցայ, ան առանձնապէս յոյսեր չի կապեր: Հնարաւոր է, այն կապուած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն հետ», – ըսած է Էրտողան:
Թրքական TGRT-ի փոխանցմամբ, Էրտողան նաեւ ըսած է «Ես հասկցայ, որ Փութին կողմերու դիրքորոշման պատճառով անյոյս է»․-ըսած է Էրտողան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment