Ատրպէյճանը կրնայ ինքնակամ դուրս գալ Եւրոպայի խորհուրդէն: Երեքշաբթի 14 նոյեմբերին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որու վարչակազմը արդէն տեւական ժամանակ կոշտ քննադատութեան կ’ենթարկուի Եւրոխորհուրդի կողմէ՝ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու համար:
Ատրպէյճանի նախագահի կարծիքով, իր հօր կառավարման տարիներուն գլխաւոր դիւանագիտական ձեռքբերումներէն համարուող` Եւրոպայի խորհուրդին անդամակցութենէն հրաժարիլը երկրին մէջ որպէս կորուստ չընկալուիր: «Աւելի քան 15 տարի մենք Եւրոպայի խորհուրդի աշխոյժ անդամ ենք, սակայն վերջին շրջանին կառոյցի գլխաւոր քարտուղարի գործունէութեան արդիւնքով Եւրոպայի խորհուրդի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արհեստական ճգնաժամ ստեղծուած է», – յայտարարած է Ալիեւը, պնդելով, թէ այդ ճգնաժամի նախաձեռնողը Պաքուն չէ: «Մենք պարզապէս համարժէք քայլեր կը ձեռնարկենք մեր նկատմամբ իրականացուող անարդար եւ կեղծաւոր քաղաքականութեան դէմ», – հերթական անգամ ըսած է Ատրպէյճանի առաջնորդը:
Յիշեցնենք, մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղուող՝ Եւրոպայի ամենահին ու ամենամեծ կազմակերպութիւններէն մէկը համարուող Եւրոխորհուրդի հասցէին Ալիեւի հերթական կոշտ քննադատութիւնը կը հնչած է այդ կառոյցին մէջ աննախադէպ գործընթացի ֆոնին, որ կրնայ աւարտիլ կազմակերպութենէն Ատրպէյճանի հեռացմամբ:
Մասնաւորապէս, բազմաթիւ կոչերէն ու նախազգուշացումներէն ետք ալ ատրպէյճանցի ընդդիմադիր գործիչ Իլկար Մամետով չորրորդ տարին բանտն է: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը աւելի վաղ ապօրինի համարած էր անոր ձերբակալութիւնն ու կալանքը եւ Ալիեւի վարչակազմէն պահանջած էր անյապաղ ազատ արձակել քաղաքական գործիչին: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, սակայն, կը հրաժարին իրականացնել սթրասպուրկեան դատարանի վճիռը, ինչն ալ աւելի կը սրէ Պաքուի եւ Սթրասպուրկի առանց այդ ալ լարուած յարաբերութիւնները:
«Եթէ այդ ճգնաժամը խորանայ, այդ պարագային Ատրպէյճանը ազատ կ’ըլլայ իր ընտրութեան հարցին մէջ: Մենք ինքնակամ անդամակցած ենք կազմակերպութիւններուն եւ ինքնակամ ալ կրնանք լքել անոնք», – ըսած է Ալիեւը, որ աւելի վաղ խոստովանած էր, թէ 2001-ին Եւրոպայի խորհուրդին անդամակցած են հայերու պատճառով, քանի որ Հայաստանն ալ ցանկութիւն յայտնած էր միանալ այդ կառոյցին:
Ատրպէյճանի նախագահը Եւրոպայի խորհուրդի մասին խօսած էր 14 նոյեմբերին՝ ելոյթ ունենալով իր գլխաւորած «Ենի Ազերպէյճան»-ի՝ Ատրպէյճանի պատմութեան ընթացքին իշխող ուժ հանդիսացող կուսակցութեան 25-ամեակի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին: Իլհամ Ալիեւ իր երկարաշունչ ելոյթի ընթացքին ոչ միայն դուրսի ընդդիմախօսներուն կոշտ քննադատութեան ենթարկած է, այլ նաեւ երկրի ներսը գործող ընդդիմութեան՝ անուանելով հինգերորդ շարասիւն:
«Բոլոր ազատութիւնները՝ խօսքի ազատութիւնը, մամուլի ազատութիւնը, խղճի ազատութիւնը Ատրպէյճանի մէջ ամբողջովին ապահովուած են: Սակայն փորձելով օգտուիլ հաւաքներու ազատութենէն՝ իրեն ընդդիմութիւն անուանող մարդոց խումբ մը կը կարծէ, որ իրենց հանդէպ արհեստական պատնէշներ կը ստեղծուին», – պնդած է տասնեակ քաղբանտարկեալներ ունեցող Ատրպէյճանի նախագահը, որ յաճախ արեւմտեան պետութիւններու, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու քննադատութեան թիրախ յայտնուած է՝ ընդդիմախօսներուն բռնաճնշումներու ենթարկելուն համար:
Ալիեւը, ինչպէս կը վկայէ վերջերս հրապարակուած հերթական զեկոյցը, անցած տարիներուն միլիառաւոր տոլարներ ծախսած էր արեւմտեան խումբ մը ազդեցիկ քաղաքական գործիչներու վրայ, որպէսզի վերջիններս աչք փակեն Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ճնշումներուն վրայ եւ հարկ եղած պարագային պաշտպանեն իր ռեժիմը: Ատրպէյճանի սակաւաթիւ ընդդիմութիւնը բոլորովին վերջերս փողոց դուրս եկած էր՝ երկրի իրաւապահներէն պահանջելով հետաքննել իշխող ընտանիքին վերաբերող հերթական այդ գայթակղութիւնը:
Ատրպէյճանի ղեկավարը, սակայն, այդ գործողութիւններու ետին դուրսի ուժերու միջամտութիւնը տեսած է: «Անոնց ապակառուցողական գործողութիւնները, թշնամական պահուածքը միայն կը մեծցնեն ժողովուրդի ատելութիւնը անոնց նկատմամբ: Ատրպէյճանի ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ, որ իրեն ընդդիմութիւն անուանող խումբը կը կառավարուի արտասահմանէն, իսկ Ատրպէյճանի ժողովուրդը երբեք թոյլ չի տար, որպէսզի արտասահմանէն կառավարուող տարրերը՝ հինգերորդ շարասիւնը, երկրին մէջ ինչ-որ դիրքեր զբաղեցնեն», – համոզմունք յայտնած է Իլհամ Ալիեւը: