Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Խորհրդարանը Զինծառայութեան Մասին Օրինագիծը Ընդունած է Ամբողջութեամբ

Հայաստանի Խորհրդարանը Զինծառայութեան Մասին Օրինագիծը Ընդունած է Ամբողջութեամբ

by MassisPost

Հայաստանի Խորհրդարանը երէկ 86 կողմ եւ ընդամէնը 6 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է զինծառայութեան մասին վիճայարոյց օրինագիծը:

Դէմ քուէարկած են միայն Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորները: Սակայն ուշագրաւ է, որ ընդդիմադիրներէն որեւէ մէկը ելոյթ չէ ունեցած, միայն «Ելք»էն Արարատ Միրզոեանը կոչ ըրած է իշխող մեծամասնութեան, այդ շարքին՝ ընդդիմադիր «Ծառուկեան» խմբակցութեան, դէմ քուէարկել։

«Ես ուզում եմ տեղեկացնել, որ 120 գիտաշխատողներ եւ դասախօսներ միացել են ուսանողների պահանջին։ Ուզում եմ յիշեցնել, որ չորս ուսանողներ այս պահին գտնուում են հացադուլի մէջ։ Ելնելով արդէն իսկ ներկայացուած մի շարք փաստարկներից՝ «Ելք»-ը դէմ է քուէարկելու, եւ կոչ ենք անում բոլորին՝ դէմ քուէարկել, դա հնարաւորութիւն կտայ մեզ կարճ ժամանակում լրամշակել օրէնքը եւ նորը ներկայացնել», – յայտարարած է Միրզոեանը։ Անոր կոչը, սակայն, արձագանգ չէ ստացած։

Այսպիսով, զինծառայութեան մասին արդէն ընդունուած օրէնքով արմատապէս փոխուած է տարկէտման կարգը. ուսման նպատակով տարկէտումէն կրնան օգտուիլ միայն այն քաղաքացիները, որոնք պայմանագիր կը կնքեն Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ՝ պարտաւորուելով ուսումնառութեան ընթացքին ռազմական պատրաստութիւն անցնիլ, իսկ ուսումնառութենէն ետք ծառայել Պաշտպանութեան նախարարութեան նշած վայրին մէջ՝ երեք տարի ժամկէտով։ Հակառակ պարագային, 18 տարին լրանալէ ետք երիտասարդները կը զօրակոչուին բանակ՝ երկու տարի ժամկէտով:

Օրէնքը խորհրդարան բերած պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի պնդմամբ, իրենք այս կերպ ընկերային արդարութեան հարց կը լուծեն՝ փակելով ուսում ստանալու անուան տակ բանակէն խուսափելու ճանապարհը:

Արդէն 7-րդ օրը դասադուլ ու նաեւ հացադուլ ընող ուսանողները մինչդեռ կը հակադարձէն՝ օրէնքը պիտի վնասէ գիտութեան, իսկ բանակէն խուսափողները պիտի շարունակեն այն ընել այլ ճանապարհներով:

Իշխող Հանրապետականի պատգամաւորները երէկ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ, անդրադառնալով օրինագիծի հետ կապուած դժգոհութիւններուն, նշած են, որ օրէնքը արդէն ընդունուած է, եւ ուսանողներու առաջ քաշած առաջարկները կրնան քննարկուիլ օրէնքի հետ կապուած ընդունուելիք կառավարութեան որոշումներու եւ ենթաօրէնսդրական գործերու ծիրէն ներս։

Ինչ կը վերաբերի հացադուլին, ապա, ըստ Շարմազանովի, այն պայքարի ոչ արդիւնաւէտ միջոց է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment