ԱՄՆ կրկին իր վճռական աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին եւ բարձր կը գնահատէ միջնորդներու աշխատանքը ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործին: Այս մասին ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդին մէջ յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի ԱՄՆ առաքելութեան ժամանակաւոր ղեկավար Հարի Քամիան:
Անոր խօսքով, ԱՄՆ-ն կ’ողջունէ 16 հոկտեմբերի հանդիպման արդիւնքներով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութիւնը:
Ամերիկացի դիւանագէտը կոչ ըրած է կողմերուն իրագործել Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները:
«Կողմերը պայմանաւորուած են ընդլայնել ԵԱՀԿ գործող նախագահի մանդատը, որ, յոյսով ենք, կ’արտացոլուի ԵԱՀԿ 2018 թուականի պիւտճէին մէջ: ԱՄՆ նաեւ կոչ կ’ընէ կողմերուն աշխատիլ ԵԱՀԿ հետաքննութիւններու մեխանիզմներու ստեղծման առաջարկներուն շուրջ», ըսած է Քամիան: