Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոլտովայի Նախագահի Պաշտօնական Այցը Հայաստան

Մոլտովայի Նախագահի Պաշտօնական Այցը Հայաստան

by MassisPost

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով պաշտօնական այցով երէկ տիկնոջ հետ Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահ Իկոր Տոտոն:
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու տիկին Ռիթա Սարգսեանը  դիմաւորած են նախագահ Իկոր Տոտոնը եւ տիկին Կալինա Տոտոնը: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք կայացած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իկոր Տոտոնի առանձնազրոյցը:

Ողջունելով գործընկերը Հայաստանի մէջ` Սարգսեան նշած է, որ Մոլտովայի նախագահը ցանկալի հիւր է մեր երկրին մէջ եւ բարձր գնահատած է անոր պաշտօնական այցը, որ կը կայանայ Հայաստանի եւ Մոլտովայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:

«Դա շատ լաւ առիթ է վերլուծելու այն աշխատանքը, որ մենք կատարել ենք այս 25 տարիների ընթացքում, եւ նախանշելու հեռանկարները: Մեր ժողովուրդների միջեւ կապերը գոյութիւն ունեն ոչ մէկ հարիւրամեակ, այդ պատճառով էլ մեր միջպետական յարաբերութիւնները կառուցուած են շատ ամուր հիմքի վրայ: Ես ուղղակի վստահ եմ, որ Ձեր այցը շատ լաւ խթան կը հանդիսանայ մեր յարաբերութիւնների աքթիւացման համար: Մենք դրանում շահագրգռուած ենք: Մենք շահագրգռուած ենք բոլոր ոլորտներում՝ քաղաքական, տնտեսական, հումանիտար, սերտ համագործակցութեան մէջ: Մենք փոխգործակցութեան որեւէ սահմանափակում չունենք ինչպէս երկկողմ, այնպէս էլ բազմակողմ ձեւաչափերում »,-ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Տոտոն շնորհակալութիւն յայտնած է Սերժ Սարգսեանին հրաւէրին համար եւ իր պաշտօնական այցը համարած պատմական` նկատի առնելով, որ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն անցած 25 տարիներու ընթացքին սա Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահի առաջին այցն է Հայաստան:

«Այս ընթացքին չէ եղած ո՛չ աշխատանքային, ո՛չ պաշտօնական այց, այդ իսկ պատճառով, հաշուի առնելով մեր պատմական ընդհանուր կապերը, ընդհանուր շահերը եւ՛ ԱՊՀ շրջանակներու մէջ, եւ՛ ԱՊՀ տարածքին նոր համարկումի նախագիծերուն, ես որոշած եմ գալ: Այս այցին մենք, անկասկած, մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնենք: Այո՛, 25 տարիներու ընթացքին մենք շատ համաձայնագիրներ ստորագրած ենք: Ունինք տասնհինգ համաձայնագիր, եւս եօթը այժմ կը պատրաստուի: Մենք խօսելու բան ունինք, կան որոշակի արդիւնքներ, կան, ի հարկէ, հեռանկարներ: Մեզի կը հետաքրքրէ, եւ ես յոյս ունիմ շատ մանրակրկիտ Ձեզ հետ քննարկել ձեր աշխատանքի փորձը ԵԱՏՄ ծիրէն ներս: Գիտեմ, որ մօտակայ ժամանակներս կը ծրագրէք ստորագրել Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Կը կարծեմ, որ այնպիսի երկիրները, ինչպիսիք են` Մոլտովան եւ Հայաստանը, դատապարտուած են լաւ յարաբերութիւններ ունենալու բոլորին հետ` ե՛ւ Արեւմուտքի, ե՛ւ Արեւելքի: Մեզի համար արդիական է  ձեր փորձը` ե՛ւ ԵԱՏՄ-իո մէջ գտնուելու, ե՛ւ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագրի:

«Դուք գիտէք, որ Մոլտովայի մէջ հայկական համայնք կայ, որու հետ մենք լաւ կը համագործակցինք, որ Մոլտովայի մէջ կ՛ապրի ոչ մէկ տասնամեակ եւ իրեն արդէն կը զգայ ինչպէս իր տան մէջ:

«Ես կը ցանկամ Ձեզ շնորհակալութիւն յայտնել, որ առաջին անգամ շատ լուրջ քայլ կատարուած է երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու համար` նկատի ունիմ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը Քիշնեւի մէջ անցած տարուան վերջին: Եւ այս տարի մենք շատ աշխոյժ սկսանք համագործակցիլ դեսպանին հետ: Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ մենք դուրս կու գանք մեր երկկողմ յարաբերութիւններու նոր մակարդակի»,- ըսած է Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment