«Եւրոպայի խորհրդի հետ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակուեն խորանալ՝ համաձայն մեր կողմից ստանձնած յանձնառութիւնների եւ քաղաքական պարտաւորութիւնների», – երէկ ըսած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանը՝ կառավարութիւնէն ներս ընդունելով Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի վերահսկողութեան յանձնաժողովի անդամներ, ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Ալան Միլին եւ Ճուզեբբէ Կալատիին։
Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի, վարչապետը կարեւորած է համազեկուցողներու պարբերական այցերը Հայաստան, որոնք թոյլ կու տան քննարկել Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումները եւ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։
«Եւրոպայի խորհրդին անդամակցութիւնից ի վեր Հայաստանն աքթիւ ներգրաւուած է եղել կառոյցի եւ դրա տարբեր մարմինների աշխատանքներում: Մենք բարձր ենք գնահատում մեր համագործակցութիւնը եւ շնորհակալ ենք ԵԽ-ին՝ փորձագիտական աջակցութեան համար, այդ թուում՝ նաեւ օրէնսդրական բարեփոխումների փաթեթների մշակման գործում: Կարծում եմ, որ Հայաստանը մեծ ճանապարհ է անցել այդ պարտաւորութիւնների կատարման ուղղութեամբ, ինչի մասին են վկայում ԵԽԽՎ եւ ԵԽ նախարարների կոմիտէի կողմից իրականացուող վերահսկողութեան արդիւնքները», – ըսած է Կարէն Կարապետեան:
Ալան Միլ եւ Ճուզեբբէ Կալատին համակարծիք եղած են, որ Հայաստանը բաւական կարճ ժամկէտի մէջ բաւական երկար ուղի անցած է՝ նշելով, որ համապետական ընտրութիւններէն ետք երկիրը փոփոխութիւններու եւ զարգացումներու յաջորդ փուլ թեւակոխած է:
Ըստ հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են սահմանադրական բարեփոխումներով պայմանաւորուած գործընթացներուն, ընտրական բարեփոխումներուն ու կաշառակերութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր:
Կարէն Կարապետեան ներկայացուցած է այս ուղղութիւններով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները։
Վարչապետը նշած է, որ հակակաշառակերութեան պայքարը Հայաստանի կառավարութեան մշտական ուշադրութեան կեդրոնն է, եւ բացի կաշառակերութեան վտանգներու նուազեցման ուղղութեամբ յստակ քայլերէն, շարք մը ձեռքբերումներ արձանագրուած են նաեւ օրէնսդրական դաշտին մէջ:
Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ ներկայիս մշակման փուլի մէջ է Հայաստանի դատական եւ իրաւական բարեփոխումներու 2018-2023 թուականներու ռազմավարութիւնը եւ անոնցմէ բխող գործողութիւններու ծրագիրը:
Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ տարբեր ընդելուզման միաւորումներու եւ առանձին երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն, խօսած պիզնես միջավայրի բարելաւման, ներդրումային աշխուժութեան խթանման եւ ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մասին:
ԵԽԽՎ համազեկուցողները ողջունած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումները: «Կարելի է երկու բանի համար շնորհակալութիւն յայտնել՝ նախ, այն արժանապատիւ եւ լուրջ մօտեցման համար, որ ձեր երկիրը կը ցուցաբերէ Սուրիայէն եկած փախստականներուն, մասնաւորապէս, սփիւռքահայերու հոսքի առումով: Մենք երախտապարտ ենք անոր համար. սա օրինակ է, որմէ այլ ազգեր կրնան սորվիլ եւ որու վրայ կրնան հիմնուիլ: Եւրոպայի խորհուրդի անունով ալ շնորհակալ ենք ձեզ այն աշխատանքի համար, որ Եւրոպայի մէջ կը կատարեն ՀՀ դիւանագէտներն ու ներկայացուցիչները, ԵԽԽՎ-ի մէջ ձեր պատուիրակութիւնը: Մենք կրնանք հաւաստիացնել, որ կը շարունակենք օժանդակել ձեզ, որպէսզի ձեր երազած նոր Հայաստանը կառուցելու ճանապարհին այդ ընթացքը պահպանէք», – ըսած է Ալան Միլ:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է գնահատականի եւ աջակցութեան պատրաստակամութեան համար՝ նշելով. – «Եւրոպայի խորհրդի հետ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակուեն խորանալ՝ համաձայն մեր կողմից ստանձնած յանձնառութիւնների եւ քաղաքական պարտաւորութիւնների: Դրանց աննախապայման իրականացումը կը նպաստի երկրում ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների ընդլայնմանը՝ որպէս կայուն բաղադրիչներ մեր անվտանգութեան եւ կայուն զարգացման համար»: