Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կրին Քարտ»–ի Վիճակահանութեան Օրէնքներու Փոփոխութեան Ազդեցութիւնը Հայաստանի Վրայ

«Կրին Քարտ»–ի Վիճակահանութեան Օրէնքներու Փոփոխութեան Ազդեցութիւնը Հայաստանի Վրայ

by MassisPost

Հայաստանեան «Փաստ» օրաթերթը  անդրադառնալով ամերիկեան «Կրին քարտ»–ի վիճակահանութեան օրէնքներու սպասուող փոփոխութիւններուն կը գրէ որ, ԱՄՆ–ի նախագահ Տանըլտ Թրամբ որոշած է փոխել ամերիկեան «Կրին քարտ»ի խաղարկութեան քաղաքականութիւնը: Դեռ ամիսներ առաջ ան յայտարարած էր, որ մշտական բնակութեան, աշխատանքի իրաւունքի անկանոն այդ խաղարկութեան համակարգը հինցած է եւ մօտ ապագային պէտք է վերանայ: Ըստ ԱՄՆ նախագահին, խաղարկութեան փոխարինող նոր համակարգը ներգաղթելու հնարաւորութիւն կու տայ առաւել կրթուած եւ հմուտ անձնաւորութիւններու:

Նոյեմբեր 1-ին յայտնի դարձաւ, որ Նիւ Եորքի մէջ ահաբեկչութիւն կատարածը ուզպէքստանցի 29–ամեայ Սաիֆուլլօ Սաիպովն է, որ «Կրին քարտ»  շահած էր եւ այդ միջոցաւ յայտնուած էր ԱՄՆ: Ահաբեկչութենէն ետք գործող վիճակախաղի վերաբերեալ Թրամբ կրկին իր կոշտ գնահատականը տուած է:

Գաղտնիք չէ, որ «Կրին քարտ»ի խաղարկութիւնը ՀՀ քաղաքացիներուն համար եւս ԱՄՆ յայտնուելու ամենատարածուած ճանապարհներէն է:

Ժողովրդագէտ Արտակ Մարկոսեանի խօսքով, Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու ցանկին մէջ «Կրին քարտ»ի խաղարկութեան մասնակցութեան թուաքանակով Հայաստանը 4–րդ տեղը կը գրաւէ. «Միայն 2015 թուականին 2500 ՀՀ քաղաքացի «Կրին քարտ» է շահել ու մեկնել Հայաստանից: Իսկ ընդհանուր առմամբ վերջին տարիներին մօտ 55–ից 60 հազար մարդ է դիմել խաղարկութեանը: Խօսքը 2014, 2015, 2016 թթ. մասին է»:

Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ–ն  Անգլիոյ ճանապարհով կ’երթայ:

«Անգլիան դեռ 17 տարի առաջ փոխեց ներգաղթի քաղաքականութիւնը եւ յայտարարեց, որ իրենց պէտք չեն սեւագործ բանուորներ, որոնք կատարում են ցածրակարգ աշխատանք: Հիմա ԱՄՆ–ն է յայտարարում, որ իրեն բարձրակարգ մասնագէտներ են պէտք, ովքեր կը տիրապետեն անգլերէնին, կարող են օգուտ բերել տնտեսութեանը եւ ինտեգրուել ամերիկեան աշխատաշուկայում»,– «Փաստ»–ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ժողովրդագէտը:

Հարցին, թէ փոփոխութիւնը չի՞ նպաստեր արդեօք, որ Հայաստանէն պարզապէս «ուղեղներու արտահոսք» ըլլայ, Ա. Մարկոսեան պատասխանած է. ««Ուղեղների արտահոսք» միշտ էլ եղել է: Մի պահ կանգ էր առել, բայց այս պահին որոշակիօրէն կայ այդ արտահոսքը: Այդ պատճառով փաստը չեմ ուզում կապել նշուած խաղարկութեան հետ: Բարձրակարգ մասնագէտները ՀՀ–ից ոչ միայն ԱՄՆ, այլեւ ուրիշ երկրներ են հեռանում: Այդ փաստը աւելի շատ կը կապէի մեր ներքին քաղաքականութեան հետ: Օրինակ՝ Հարկային օրէնսգիրք է փոխւում, աշխատավարձ ստացողների դրոյքաչափերն են բարձրանում, սա եւս կարող է նպաստել: Խաղարկութիւնն, իհարկէ, փոփոխութիւն կը բերի Հայաստանից ԱՄՆ մեկնողների համար: Էլի կը մեկնեն, չեմ ասում չեն մեկնի, բայց արդէն կը մեկնեն որակեալ մասնագէտները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment