Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրավիճակը Մտահոգիչ է. Լիբանան Կորսնցուց Վերականգնելու Ոսկեայ Առիթ մը. Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան

Իրավիճակը Մտահոգիչ է. Լիբանան Կորսնցուց Վերականգնելու Ոսկեայ Առիթ մը. Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան

by MassisPost

Լիբանանի գործող վարչապետ Սաատ Հարիրի 4 նոյեմբեր 2017ին ներկայացուց իր հրաժարականը՝ երկրի մը մէջ,  ուր քաղաքական անցուդարձերը կը համարուին Միջին Արեւելքի ընդհանուր  «տիակնոս»ը   համարուող  կարեւոր եւ ուշադրութենէ չվրիպող   իրադարձութիւններ:  

Այս առիթով «Արեւելք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի պետական երեսփոխան Տիար Սեպուհ Գալփաքեանին հետ:

Յիշեցնենք, որ   Սեպուհ Գալփաքեանը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի վարիչ մարմնի ատենապետն է ու նաեւ անդամ է  Վարչապետ Հարիրիի  գլխաւորած  «ԱլՄուսթաքպալ» երեսփոխանական պլոքին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք  Սեպուհ Գալփաքեանի մեկնաբանութիւնը.

«Ճիշդ է, որ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը անակնկալ էր, սակայն  եղածը   տրամաբանական  էր»,-«Արեւելք»ին յայտնեց Սեպուհ Գալփաքեան:

Անոր կարծիքով. «Մէկ տարի առաջ վարչապետի ջանքերով ստեղծուած համախոհութիւնը, որուն որպէս արդիւնք ունեցանք հանրապետութեան նախագահ՝ յանձինս Միշէլ Աունի, միւս կողմէ   կ’ենթադրէր քաղաքական մեծ զիջումներ եւ ատկէ ետք էր, որ կազմուեցաւ կառավարութիւնը: Անցնող  տաս  ամիսներուն   համապատասխան փոխ զիջումներ չեղան, այլ անընդհատ կը պահանջուէր, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ իր խումբը զիջումներու երթան»:

Գալփաքեան    Լիբանանի    քաղաքական  իրավիճակին մասին խօսելով ակնարկեց. «Երկրի  քաղաքական   իրավիճակը   դարձած  էր անընդունելի: Ըստ Թաէֆի համաձայնութեան, երկրի իշխանութիւնը ամբողջութեամբ  կը գտնուէր նախարարաց խորհուրդին եւ վարչապետին առաջնորդութեան ներքոյ    եւ այդ   հաւասարակշռութիւնը սկսած էր խախտիլ»: Ան  նաեւ ըսաւ. «Ձեւով մը կը շահագործուէր Սաատ Հարիրիի բարեացակամութիւնը, կը շահագործուէր նաեւ անոր զգուշութիւնը ու վախը Լիբանանի անդորրը  եւ խաղաղութիւնը  պահպանելու համար: Անընդհատ աւելի զիջումներ կը պահանջուէին    վարչապետ  Հարիրիէն»:

Գալփաքեան   նաեւ դիտել տուաւ.  «Ալ տեղ մը հասաւ, որ  բաժակը յորդեցաւ եւ դժբախտաբար, երկիրը այս ձեւով մտաւ մութ փապուղի մը: Եւ այն պահուն, երբ քաղաքական ուժերը կլանուած էին նախապատրաստուելու յառաջիկայ մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ահաւասիկ հարց մը եւս յառաջացաւ եւ երկիրը մատնեց դժուար կացութեան: Մեծ հարց է այժմ, թէ այս վիճակին մէջ ո’վ պիտի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը ու որքա՞ն ժամանակ կրնայ թափուր մնալ այդ աթոռը եւ այս բոլորը որքանո՞վ պիտի ազդեն երկրի արդէն  իսկ ծանր տնտեսական  վիճակին վրայ: Այս բոլորին պատասխանը պէտք չէ Սաատ Հարիրի տայ, այլ՝ անոնք, որոնք ստիպեցին, որ Սաատ Հարիրի այս քայլին դիմէ՝ առանց մտածելու, թէ ո՞ւր կրնայ հասնիլ երկիրը, եթէ  ան ձեռք քաշէ իր բոլոր համախոհական աշխատանքներէն»:

Երեսփոխան  Գալփաքեան յայտնեց, թէ արձանագրուած է   վտանգաւոր փաստ մը, որ մութ ձեռքեր ծրագրած էին Սաատ Հարիրիի մահափորձը եւ անոնց, որոնց ձայները առաջին քանի մը ժամուան ընթացքին բարձրացան ըսելով, թէ ինչու Սաատ Հարիրի Լիբանանէն չի ներկայացնէր իր հրաժարականը եւ այլ տեղէ՝ անոնք նախ պէտք է հետաքրքրուէին,  թէ ինչ կը նիւթուէր Սաատ Հարիրիի անձին դէմ:

Ըստ Գալփաքեանի, ցաւալի է, որ  Լիբանան կրկին կը կորսնցնէ ոսկեայ առիթ մը՝ վերականգնելու, վերակազմակերպուելու եւ դէպի պետականութիւն հաստատ քայլերով յառաջանալու հնարաւորութիւնը: Ան  մտահոգիչ   համարեց  դրութիւնը  եւ ըսաւ. «Մտահոգուելու տեղիք կու տայ   նաեւ այն փաստը, որ քաղաքական կողմերը չկրցան գնահատել, չկրցան արժեւորել Սաատ Հարիրիի ինքնամոռաց եւ թէկուզ քաղաքական առումով իր անձին  վնաս հասցնելու գնով ցուցաբերած զիջումները, որ իրապէս ամէն ջանք ի գործ դրաւ, որպէսզի երկիրը հասցնէ լաւ մակարդակի»:

Գալփաքեան շեշտեց, որ այդ ուժերը կրկին անգամ պէտք է մտածեն, թէ որքանո՞վ շահագործեցին Սաատ Հարիրիի վստահութիւնը, բարեացակամութիւնը եւ անոր կատարած զիջումները:

«Ճիշդ է՝ երկրի տնտեսական վիճակը վատ է, սակայն ես առայժմ չեմ տեսներ այդ վտանգը եւ ես չեմ կարծեր, որ լիբանանեան թղթոսկին անկում կ’ապրի եւ  տնտեսական    վիճակը կը դառնայ տագնապալի, որովհետեւ Լիբանան ասկէ շատ աւելի ծանր օրեր անցուցած է, սակայն վստահ եմ,  որ Կեդրոնական դրամատունը,   կանխարգելիչ  այդ նախաքայլերը արդէն նկատի առած է եւ յստակ է, որ  Լիբանանի    վիճակով մտահոգ  շրջանային եւ միջազգային   կողմեր     հետամուտ են, որ   երկրի ապահովութիւնը չխախտուի  ու երկիրը չներգրաւուի շրջանային արկածախնդրութիւններու մէջ»,-  եզրակացուց երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment