Home ԱՅԼԱԶԱՆ Այնթապի Մէջ կը Ջնջուին Հայկական Հետքերը

Այնթապի Մէջ կը Ջնջուին Հայկական Հետքերը

by MassisPost

Թուրքիոյ նախկին հայաշատ Այնթապ քաղաքի հայկական թաղամասի ոչնչացման վերաբերեալ նիւթ հրապարակած է թրքական «GazeteKarinca» կայքը:

Կայքը իր հրապարակման սկիզբը կը շեշտէ, թէ Այնթապի մէջ 1915–ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայերուն պատկանող եւ պատմական արժէք ներկայացնող շարք մը շինութիւններ վերածուած են մզկիթներու կամ սրճարաններու:

Հայերու մասին ամենակարեւոր հետքը կրող Էպլեհան թաղամասի ամենաբարձրադիր վայրին մէջ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 2010–ին վերանորոգման անուան տակ վերածուեցաւ Փրկութեան մզկիթի: Բացի այդ, եկեղեցւոյ մէջ գտնուած եւ քրիստոնէութեան մասին վկայող որմանկարները ջնջած են:

Կայքը նաեւ նշած է, որ Այնթապի մէջ կան նաեւ  հայերուն պատկանած այգիներով եւ քանի մը յարկէ բաղկացած տուներ, որոնց մեծ մասը վերածուած է սրճարաններու կամ որպէս խանութ–հիւրանոց ծառայութիւն կը մատուցանէ տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment