Արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական ծառայութեան խօսնակ Գոռ Ղլեչեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ փոխանցած է, որ երէկ գիշեր հիւանդանոցին մէջ մահացած է «27 Հոկտեմբեր»-ի գործով ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Էտուարտ Գրիգորեանը։
Այսպիսով 27 Հոկտեմբերի գործով 7 դատապարտուածներէն 3-ը մահացած են, մէկը՝ Նաիրի Յունանեանի եղբայրը, ըստ տարբեր աղբիւրներու, հոգեկան հիւանդութիւն ձեռք բերած է: Եւս մէկ մեղադրեալ ալ նախաքննութեան ընթացքին մահացած էր, ըստ պաշտօնական վարկածի՝ Նուպարաշէնի մեկուսարանին մէջ ելեկտրահարուած էր։
«27 Հոկտեմբեր»-ի գործով քանի մը տարի տեւած դատական գործընթացը լուսաբանած «Առաւօտ» թերթի լրագրող Ռուզան Մինասեանի կարծիքով, Էտուարտ Գրիգորեան զինուած խումբի կարեւոր անդամներէն էր: Մինասեան վստահ է, որ եթէ Գրիգորեանը խօսէր, անոր ըսածները գործի շրջանակէն ներս աւելի կարեւոր կ’ըլլային, քան խումբի պարագլուխ Նայիրի Յունանեանինը․ – «Էտիկ Գրիգորեանի դերը նոյնն էր, ըստ մեղադրանքի, ինչ որ Նայիրի Յունանեանինը: Ան երեւի ստուերային քարտինալն էր այս գործում»:
Լրագրողի խօսքով՝ Էտիկ Գրիգորեանը, կարելի է ըսել, զինուած խումբի գաղափարական առաջնորդն էր։ Դատավարութեան ընթացքին պարզ դարձած է, որ Նայիրի Յունանեանէն եւ անոր եղբօրմէն ետք խորհրդարանի մէջ ծրագրուող ահաբեկչութեան մասին իմացած է Գրիգորեանը։
Երէկ գիշեր հիւանդանոցին մէջ մահացած Գրիգորեանը սրտի շրջանին սուր ցաւեր ունեցած է: Գիշերը անոր շտապ օգնութեան մեքենայով տեղափոխած են «Էրեբունի» հիւանդանոց, ուր գրանցուած է կենսաբանական մահ։
Ռուզան Մինասեանը ըսած է, որ երէկ մահացած մեղադրեալը մանկաբոյժ էր, քննութեան ընթացքին, անոր խօսքով, պարզուած էր, որ ահաբեկչութիւնը պէտք է 13 հոկտեմբերին ըլլար, սակայն Էտուարտ Գրիգորեանը եւ Նայիրի Յունանեանի եղբայրը հոգեբանօրէն պատրաստ չեն եղած: Ահաբեկչութենէն երկու օր առաջ՝ 25 հոկտեմբերին Գրիգորեանը եւ Յունանեան եղբայրները միասին եղած են խորհրդարանի շէնքին մէջ եւ ուսումնասիրած տարածքը, իսկ արդէն ահաբեկչութեան օրը զէնք բերած է նաեւ Գրիգորեանը։
«Յետագայում, ցուցմունքի մէջ կար, որ դիպլոմատ ա բերում սեւ, որտեղ կային զէնքեր, փամփուշտներ եւ ոչ սարքին պայթուցիկներ», – նշած է Մինասեան: