Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Պաքուին Պիտի Չարտայանձնէ Ղարաբաղ Այցելած Թուրք Մտաւորականները

Թուրքիան Պաքուին Պիտի Չարտայանձնէ Ղարաբաղ Այցելած Թուրք Մտաւորականները

by MassisPost

Ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները անհանգստացած են, թէ ինչու Թուրքիան ատրպէյճանական դատարանի դատին չի յանձներ Արցախի Հանրապետութիւն այցելած 4 թուրք մտաւորականները: Այս մասին գրած է թուրքական «Aydınlık» թերթի կայքը:

Ատրպէյճանի «Ժամանակակից մարտավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի» նախագահ Սեյմուր Սուլէյմանով իր գրաւոր մտահոգութիւնը յայտնած է թրքական թերթին՝ նշելով թուրք մտաւորականներու ղարաբաղեան այցէն ծագած ճգնաժամի մասին: Սուլէյմանով նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ մեծ հիասթափութիւն առաջացուցած է այն հանգամանքը, որ Թուրքիան չարտահանձներ 22 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած քաղաքական գործիչ Ուֆուք Ուրասը, գրող Սաիթ Չեթինօղլուն, լրագրողներ Ալի Բայրամօղլուն եւ Էրոլ Քաթըրճրօղլուն:

«Ատրպէյճանի այսօրուայ օրակարգին մէջ այն հարցն է, թէ ինչու Թուրքիան, որուն եղբայր կը համարենք, դեռ մինչեւ օրս չէ արտայանձնած իր 4 քաղաքացիները»,- գրած է Սուլէյմանով, յիշեցնելով, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է վերոնշեալ 4 թուրք մտաւորականներու դէմ եւ Թուրքիայէն պահանջած է արտայանձնել այդ անձանց: «Աւաղ, Ատրպէյճանը այս հարցին մէջ շատ վիրաւորուած է: Ամենամտերիմ ընկեր ու եղբայր Թուրքիայէն անյապաղ արտայանձնում կ’ակնկալուէր: Բայց Անգարան, չես գիտեր ինչու, շատ սառն  կը վերաբերի դէպքին հետ: Ատրպէյճանցի քաղաքական գործիչներուն կողմէն վերջին շրջանին ամէնէն յաճախ օգտագործուող արտայայտութիւնը «Թուրքիայէն նման բան չէինք սպասեր» արտայայտութիւնն է», – գրած է ատրպէյճանցի գործիչը:

Սուլէյմանով յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանը կը սպասէ թուրք գործիչներու արտայանձնումը եւ յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ այս խնդիրը շուտափոյթ հանգուցալուծում կը ստանայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment