Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քենետիէն, «Հոկտեմբեր 27»

Քենետիէն, «Հոկտեմբեր 27»

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ հրապարակուեցան  Ամերիկայի նախագահ Ճոն Քէնէտիի սպանութեան առնչուող եւ մինչեւ օրս գաղտնի պահուող արխիւներու մէկ մասը եւս:

Հրապարակուած փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ, Էֆ.Պի.Այ-ի (FBI) այդ օրերու տնօրէն Ճէյ Էտկար Հուվըր, տեղեկանալէ ետք որ, նախագահ Քենետին սպաննող` Լի Հարվի Օզուալտ, մէկ բանտէն միւսը փոխադրուելու ընթացքին  ինք եւս սպաննուած է, թելադրած է քայլեր ձեռք առնել, համոզելու համար Ամերիկացի ժողովուրդը, որ նախագահի սպանութիւնը մէկ անհատի գործն էր:

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ նշուեցաւ «Հոկտեմբեր 27»-ի ոճրագործութեան  տարելիցը: 1999 թուականի Հոկտեմբերի 27-ին զինեալ յարձակում տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի վրայ: Սպաննուեցան  երկրի փաստացի ղեկավարները` Խորհրդարանի  նախագահ Կարէն Տեմիրճեան  եւ վարչապետ Վազգէն Սարգսեան: Նոյնպէս զոհուեցան  խորհրդարանի փոխնախագահներ  Եուրի Բախշեան եւ Ռուբէն Միրոյեան, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեան, Միքայէլ Քոթանեան, Հենրիկ Աբրահամեան եւ նախարար Լեոնարտ Պետրոսեան:

Այդ օրը, իշխանութեան ողջ մնացող ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ Խորհրդարանի վրայ յարձակում գործած խմբակի ետին ոչ մէկ այլ կուսակցութիւն կամ ուժ չկար եւ թէ անոնք գործած էին  առանձին: Այս  հաւաստիացումը ընելու  պահուն, Նայրի Յունանեանի գլխաւորած ահաբեկչական խումբի անդամները տակաւին չէին յանձնուած, զոհերու դիակները կը մնային գետինը, իսկ Ռոբերդ Քոչարեան մեկնած էր Խորհրդարան «բանակցելու» համար Յունանեանին հետ` որպէսզի անձնատուր  ըլլան:

Հետագային տեղի ունեցած դատավարութեան ընթացքին, իշխանութիւններուն կողմէ աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի չբացայայտուին  ոճրագործութեան   ծալքերը, պատուիրատուներ  ի յայտ  չգան ու  ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցուի ահաբեկչական խումբի անդամներուն վրայ:

54 տարիները անցած են եւ Ամերիկայի ժողովուրդի մէկ մասը տակաւին չեն համոզուած, որ նախագահ  Քէնէտիի սպանութիւնը մէկ անձի գործն էր:

Նոյնպէս, 18 տարիներ ետք Հայաստանի ժողովուրդը տակաւին  չէ  ընդունած, որ «Հոկտեմբեր 27»-ը անհատներու գործն էր եւ ընդհակառակը` համոզուած է որ,   պատահածը պետական յեղաշրջում մըն էր, որ երկիրը  հասցուց այսօրուայ վիճակին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment