Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հալէպի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Հիմնադրութեան 60 Ամեակը

Հալէպի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Հիմնադրութեան 60 Ամեակը

by MassisPost

Անցեալ Շաբաթ օր՝ 28  Հոկտեմբերին, Հալէպի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է Ն.Ս.Մ.Մ. հիմնադրութեան 60 ամեակը: Այս  առթիւ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցած է Հալէպի նշանաւոր «Ուաննէս» ճաշարանէն ներս:

Բացման խօսքը կատարած է Տիկ. Մարալ Խանզադեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան առաքելութեան, եւ կարեւորելով  60-ամեայ այս միութեան կատարած աշխատանքները, ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ միութիւնը անտեսելով Հալէպի դժուարին պայմանները՝ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը:

Երեկոն անցած է բաւական ճոխ մթնոլորտի մէջ, ուր հանդէս եկած է նաեւ հալէպահայ յայտնի երգիչ Յակոբ Այնթէպլեան, որ իր ազգային եւ ժողովրդական երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծած է ներկաներուն համար:

nsca-aleppo-2

Միջոցառման ընթացքին խօսք առած է հալէպահայ բեմադրիչ Գրիգոր Քէլէշեան, որ նաեւ նշած է, որ Ն.Ս.Մ.Մ.-ը  հալէպահայ մշակութային կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած միութիւն է, նշելով, որ Նոր Սերունդի ճիգերով Հալէպի մէջ հիմնուած է հայկական առաջին թատերախումբը, որուն հետ ինք տարբեր առիթներով համագործակցած է: Քէլէշեան նաեւ յոյս յայտնած է որ միութիւնը կը շարունակէ իր հայանուէր գործունէութիւնը, կամուրջ հանդիսանալով Սուրիոյ հանրութեան եւ հայութեան միջեւ:

Աւարտին խօսքով հանդէս եկած է Ն.Ս.Մ.Մ. Հալէպի ատենապետ Տիար Շահէ Մինասեան: Ան իր խօսքով կարեւորած է մշակութային գործունէութեան շարունակականութիւնը,  յաւելելով, որ յետայսու միութիւնը նոր եռանդով եւ նոր թափով պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Մինասեան նաեւ ըսած է, Ն.Ս.Մ.Մ.-ը մեծ յարգանք կը վայելէ Սուրիոյ մշակութային շրջանակներուն մէջ եւ միութեան անունը ոսկի տառերով գրուած է Սուրիահայ համայնքի զարգացման գործին մէջ:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցած է կարկանդակի հատում եւ բոլոր ներկաները շնորհաւորած են միութեան վարչական կազմը եւ պատասխանատուները, այս գեղեցիկ առիթին համար:

Նշենք, որ 60-ամեայ մշակութային միութիւնը յառաջիկային եւս հանդէս պիտի գայ յաւելեալ միջոցառումներով:

«Արեւելք»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment