Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Հայաստան» Հիմնադրամը Բնակարաններ Տրամադրած է Արցախցի Բազմազաւակ 30 Ընտանիքներու

«Հայաստան» Հիմնադրամը Բնակարաններ Տրամադրած է Արցախցի Բազմազաւակ 30 Ընտանիքներու

by MassisPost

Արցախի մէջ բազմազաւակ` 5 եւ աւելի երեխայ ունեցող 34 ընտանիք մինչ այս պահը տուն ստացած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նուիրատուներու շնորհիւ: «Արմէնբրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, նշելով, որ այս ծրագիրով մօտ 4 օր առաջ 7 տուն տրամադրուած է: «Այս ծրագրով մինչ այս պահը տրամադրուել է 34 տուն, շուրջ 10 տան կառուցումն ընթացքի մէջ է, ունենք պայմանաւորուածութիւններ բարերարների հետ նոր տների կառուցման հետ կապուած»,-ըսած է Վարդանեան:

Անոր խօսքով, նշեալ ծրագիրը «Հայաստան» հիմնադրամի կողմէ որդեգրուած միւս խոշոր ծրագիրներու հետ շարունակական բնոյթ ունի: «Արցախի բազմազաւակ 5 եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքների համար տների տրամադրման ծրագիրը շարունակական է: Բայց բոլորս պէտք է գիտակցենք, որ այս ծրագիրը յայտարարելուն պէս բոլոր չորս երեխայ ունեցողները ցանկութիւն են յայտնել ունենալ հինգ երեխայ»,-ըսած է Արա Վարդանեանը, նկատելով, որ այս ծրագիրը չի կրնար աւարտիլ, քանի որ բազմազաւակ ընտանիքներու քանակը կ’աւելնայ:

Հիմնադրամի տնօրէնի խօսքով, Արցախի մէջ բնական աճի վրան կ’ազդէ նաեւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ռուսաստանաբնակ Սամուէլ Կարապետեանի ծրագիրը, որով Արցախի մէջ չորրորդ երեխան ունեցող իւրաքանչիւր ընտանիքի դրամական օգնութիւն կը ցուցաբերուի: «Այս ծրագիրը, որը մեր միջոցով է իրականացւում, լուրջ խթան է հանդիսանում Արցախում մարդկանց բնական աճի տեսանկիւնից»,-աւելցուցած է զրուցակիցը:

Արցախի մէջ 5 անչափահաս երեխայ ունեցող ընտանիքներուն բնակելի տուներով ապահովելու ծրագիրը ներառուած էր «Հեռուստամարաթոն-2015»-ի ծրագրին մէջ` կարեւորելով բազմազաւակ ընտանիքներու ընկերա-կենցաղային պայմաններու եւ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման հարցը:

artsakh-2

artsakh-3

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment