Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայամէտ Թուրք Գործիչ Օսման Քաւալան Կալանաւորուած է

Հայամէտ Թուրք Գործիչ Օսման Քաւալան Կալանաւորուած է

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ «Անատոլու Կուլտուր» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, գործարար, հասարակական գործիչ Օսման Քաւալան 13 օր ձերբակալուած մնալէ ետք կալանաւորուած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Bianet.org»-ը:

Ոստիկանութիւնը չէր յայտնած Օսման Քաւալային ձերբակալելու պատճառը, նշելով, սակայն, որ այն կ’իրականացուի գաղտնի հետաքննութեան ծիրէն ներս։

Ներքին գործոց նախարարութեան մի քանի աղբիւրներ հաղորդած էին, որ Քաւալան պիտի հարցաքննուի 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձէն առաջ ունեցած իր շարք մը հանդիպումներու համար։

Օսման Քաւալան յայտնի է իր հայամէտ դիրքորոշումներով: Ան եղած է Հայաստան, յայտարարած է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment