Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան «Նախաձեռնարկ Մարմնի» Երեք Անդամներ Հրաժարական Տուած են

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան «Նախաձեռնարկ Մարմնի» Երեք Անդամներ Հրաժարական Տուած են

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպմամբ զբաղուող Նախաձեռնող խումբի երեք անդամ հրաժարական տուած են Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականը:

Նախաձեռնող խումբէն հեռանալու մասին յայտարարած են խումբի ղեկավար Սարգիս Քիւլեկէչը, անդամներ Անթօ Քիոսետաղը եւ Հաչիկ Ճանէլը: Ուշագրաւ է, որ այս հրաժարականները յաջորդած են Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ Շահինի հետ հանդիպման:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան, Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը, Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, ինչպէս նաեւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնող խումբի ղեկավար Սարգիս Քիւլեկէչ 24 Հոկտեմբերին պաշտօնապէս այցելած են Պոլսոյ նահանգապետարան՝ հանդիպելով նահանգապետ Վասիփ Շահինի հետ:

«Արմէնբրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ «Ակօս» պարբերականի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուկեան յայտնած էր, որ ըստ իրենց հասած տեղեկութիւններուն՝ նահանգապետը ըսած է, որ չի ճանչնար Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանի` պատրիարքական տեղապահ ընտրուելու փաստը: Առաջարկուած է 2 հոգեւորականի` Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանին միասնաբար այս գործընթացը սկսիլ սկիզբէն:

Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեան հանդիպման ներկայ չէ եղած, ան այս օրերուն Գերմանիա է: Այդուհանդերձ, Պէքճեանը յայտարարութիւն տարածած է նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ պատրիարքական տեղապահը յայտնած է, որ կարճ ժամանակէն պիտի վերադառնայ Պոլիս՝ ստանձնելու իր պարտականութիւնները: Ան յոյս յայտնած է վերադառնալէն ետք անձամբ հանդիպիլ նահանգապետի հետ եւ պատրիարքի ընտրութեան հարցի վերաբերեալ իր տեսակէտները անձամբ փոխանցել անոր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment