Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ․ Հայաստանի Հետ Համաձայնագիրը Միանշանակ Պիտի Ստորագրուի Պրիւքսէլի ԱԳ Գագաթնաժողովին

ԵՄ․ Հայաստանի Հետ Համաձայնագիրը Միանշանակ Պիտի Ստորագրուի Պրիւքսէլի ԱԳ Գագաթնաժողովին

by MassisPost

Հայաստան-Եւրոմիութիւն նոր համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ընթացքին: Այդ մասին յայտարարած է Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով Եւրոմիութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանը, Հինգշաբթի օր, Թալլինի մէջ:

Պատասխանելով Էսթոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ իրականացուող Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումին մասնակցող քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեանի հարցին, որ կ’առնչուէր փաստաթուղթի ստորագրման հարցով Հայաստանի մէջ առկայ որոշակի մտավախութիւններուն, Հանը յայտարարած է․ – «Կ’ուզեմ սկիզբէն յստակ ըսել, որ Հայաստանի հետ պայմանագիրը պիտի ստորագրուի, այդ հարցի վերաբերեալ  կասկած չկայ, եւ գրեթէ հաստատ է, որ այն տեղի պիտի ունենայ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կամ գագաթնաժողովի ժամանակ: Սա յստակ է: Ասոր շուրջ որեւէ քննարկում չկայ»:

Յանձնակատարը ընդգծած է, որ առաջին անգամն է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրը նման համաձայնագիր կը ստորագրէ Եւրոմիութեան հետ, եւ սա կրնայ օրինակ ծառայել նաեւ միւսներուն համար:

«Ի դէպ՝ այն ազդակները, որ ես ստացած եմ նաեւ հարեւաններէն՝ անոնք  խնդիր չունին, կամ առնուազն՝ կ’ընդունին այս համաձայնագիրը: Սա կարեւոր է, քանի որ առաջին անգամն է, որ նման համաձայնագիր կը ստորագրուի Եւրասիական միութեան անդամ պետութեան հետ, եւ սա ցոյց կու տայ, որ հնարաւոր է Եւրասիական միութեան անդամ ըլլալ, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ հեռուն գացող համաձայնագիր կնքել Եւրոմիութեան հետ: Սա կ’ապացուցէ, որ համակեցութիւնը հնարաւոր է», – նշած է ան:

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը, իր հերթին, իր ֆէյսպուքեան էջին  երէկ հաստատած է, որ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է Հայաստանի հետ նոր համաձայնագրի ստորագրման, Պրիւքսէլի մէջ  կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ընթացքին, եւ այդ ուղղութեամբ կ’իրականացուին բոլոր անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment