Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Հանրայայտ Ջութակահար Նիկոլայ Մադոյեան Կինէսի Մրցանակակիր

Հանրայայտ Ջութակահար Նիկոլայ Մադոյեան Կինէսի Մրցանակակիր

by MassisPost

guinnessՄեր ժամանակներու լաւագոյն ջութակարներէն Նիկոլայ Մադոյեանի բազմաթիւ միջազգային հեղինակաւոր մրցանակներուն աւելցած է եւս մէկը՝ ան դարձած է Կինէսի համաշխարհային մրցանակակիր:

Օրերս Կինէսի մրցանակներու միջազգային գրասենեակէն ստացուած է անոր հաւաստագիրը: Հեղինակաւոր այդ տիտղոսը Մադոյեանին տրուած է աննախադէպ երկար տեւողութեամբ նուագելուն համար: 2017 թուականի Փետրուարի 11-12-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ ան անընդմէջ նուագած է 33 ժամ 2 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան, այդ ընթացքին ներկայացնելով համաշխարհային երաժշտական գանձարանի ջութակի համար գրուած լաւագոյն ու կատարման առումով տեխնիկապէս շատ բարդ գործեր: Այսօր հրաւիրուած ասուլիսին Նիկոլայ Մադոյեան շեշտած է․ «Ջութակն իմ տարերքն է, ես աշխատում եմ չթողնել ջութակի որեւէ չնուագած տարածք: Այս պատմական ռեքորտը ես արեցի յանուն Հայաստանի, յանուն մեր մշակոյթի: Այն նուիրում եմ արցախեան պատերազմի անմահ հերոսների յիշատակին»:

Այժմ արդէն Կինէսի մրցանակակիր ջութակահարին խօսքով, իր առաջնահերթ նպատակը եղած է ոչ այնքան եւ ոչ միայն տեխնիկական կատարելութեան հասնիլը, այլ այդ 33 ժամերու ընթացքին ունկնդիրին բարձագոյն գեղագիտական հաճոյք պատճառելը: «Ես ընտրեցի 59 ստեղծագործութիւններ, տարբեր դարաշրջանների եւ ոճերի, ներառեալ չորս հայկական ստեղծագործութիւններ: Ըստ Կինէսի կանոնների, ես չորս ժամուայ ընթաքցում իրաւունք չունէի կրկնել նոյն ստեղծագործութիւնը: 59 գործերից բաղկացած ցիկլը կրկնւում էր մօտ ութ անգամ»,- պատմած է Նիկոլայ Մադոյեան:

Հանրայայտ ջութակահարը հիւրախաղերով հանդէս եկած է աշխարհի լաւագոյն բեմահարթակներու վրայ, ան համաշխարահային երաժշտական հանրութեան յայտնի է իր բացառիկ կատարումներով: Օրինակ, Իտալիոյ, ինչպէս նաեւ քանի մը այլ երկիրներու մէջ ան մէկ համերգի ընթացքին նուագած է Փականինիի 24 քափրիչչօները: Այլ պարագաներու ան մէկ համերգի ընթացքին նուագած է Փականինիի 6 քոնսերթները. «Դա պատմական իրադարձութիւն էր, առաջին անգամ էին Փականինիի բոլոր քոնսերթները նուագւում մէկ համերգի ընթացքում»:

Նշենք, որ Նիկոլայ Մադոյեան Հայաստանի մէջ տակաւին առաջին ու միակն է, որ մշակոյթի ոլորտի Կինէսի համաշխարհային մրցանիշ սահմանած է: «Ազատութեան» հարցին, թէ ի վերջոյ ի՞նչն է, որ դրդեց զինք դառնալ Կինէսի մրցանակակիր, Մադոյեան պատասխանած է․ «Յանուն Հայաստանի: Նաեւ յիշողութեան սահմաններն էի ուզում հետազօտել: Բոլոր ստեղծագործութիւնները նուագել եմ անգիր: Ես հասկացայ, որ մարդու յիշողութեան հնարաւորութիւններն անսահմանափակ են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment