Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ի Կանխատեսումներով, 2035 Թուականին Հայաստանի Բնակչութիւնը Լաւագոյն Պարագային 3.2 Միլիոն Պիտի Կազմէ

ՄԱԿ-ի Կանխատեսումներով, 2035 Թուականին Հայաստանի Բնակչութիւնը Լաւագոյն Պարագային 3.2 Միլիոն Պիտի Կազմէ

by MassisPost

Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ներկայացնելով աշխարհի բնակչութեան 2017թուականի «Անջատ աշխարհ. վերարտադրողական առողջութիւնը եւ իրաւունքները անհաւասարութեան դարուն» զեկոյցը, ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան փոխանցած է, որ ՄԱԿ-ի կանխատեսումներով, Հայաստանի բնակչութիւնը 2035 թուականին վատթարագոյն պարագային պիտի կազմէ 2.5-2.6 միլիոն, իսկ լաւագոյն պարագային 3.2 միլիոն, ակնարկելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի 4 միլիոն բնակչութիւն ունենալու մասին խոստումները, ըստ այդ զեկոյցին, անիրականանալի կը թուին:

«Տեսականօրէն ի հարկէ ամէն ինչ էլ կարող է տեղի ունենալ: Բայց իսկապէս սա շատ ամպիցիոզ յայտարարութիւն է… Դրա համար մենք հենց երէկուանից պէտք է սկսէինք լուրջ ներդրումներ անել էդ ուղղութեան մէջ: Փառք Աստծու, մենք արդէն ունենք ուսումնասիրուած լաւագոյն փորձը աշխարհում. որտեղ է աշխատել, որ, օրինակ, ծնելիութիւնը բարձրացել ա վերջին 20-25 տարիներում, դա աւելի շատ Սքանտինաւեան երկրներն են», – ըսած է Հայրապետեան:

Մասնագէտը պնդած է, որ միջազգային փորձը յստակ մեխանիզմ կ’առաջարկէ բնակչութեան թիւը բարձրացնելու համար, եւ այն երբեք պայմանաւորուած չէ ընտանիքներուն որեւէ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելով: Ընտանիքը, ըստ Հայրապետեանին, նախ եւ առաջ պէտք է հասարակական առումով եւ տնտեսապէս ապահով զգայ ինքզինք, առաջին կամ յաջորդ երեխան ունենալու որոշում կայացնելու ժամանակ, բան մը, որ մեր մօտ այսօր կը բացակայի. – «Որպէսզի ինքը չյայտնուի ծանր վիճակում, որպէսզի աշխատաշուկայից չզրկուի, որպէսզի իր անձնական զարգացման հնարաւորութիւններից չզրկուի… Մեր ամբողջ իմաստը պէտք է լինի այն, որ յաջորդ երեխան ունենալու որոշումը ընտանիքի համար չլինի ռիսքային»:

Անհաւասարութիւնը ընտանիքներուն մէջ կ’ազդէ բնակչութեան թիւին: Ըստ զեկոյցին, մեծ ճեղքուածք կայ կիներու եւ տղամարդոց աշխատավարձերուն միջեւ, ի վնաս կիներուն: Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանին եկամտային անհաւասարութիւնը ամենամեծն է Թուրքիոյ մէջ:

Հայաստանի ցուցանիշը նոյնպէս մտահոգիչ է. հայ տղամարդոցմէ շատերը կնոջմէ կը պահանջեն բարձրագոյն կրթութիւն, սակայն յետագային չեն արտօնել աշխատիլ:

«Որպէսզի տնտեսական բարձր վիճակ ստեղծուի, պէտք է հասարակութեան բոլոր անդամները մասնակցեն այդ տնտեսական արժէքի ստեղծմանը: Չի կարելի 50 տոկոսին բնակչութեան թողնել դուրս: 2015 թուականի մեր հետազօտութիւնը, որ ես նշեցի, էնտեղ մենք հաշուարկ էին կատարել, որ կանանց աշխատանքի իրաւունքից զրկելով, իսկ դա տեղի է ունենում, մեր դեռ 2009 թուականի տնային տնտեսութիւնների հետազօտութեամբ, մօտ 7-9 տղամարդիկ յայտնել են, որ իրենք թոյլ չեն տայ, որ իրենց կանայք աշխատեն: Այդ 7-9 տոկոսի չաշխատելու պարագայում, իսկ ես կարծում եմ, որ այդ ցուցանիշը շատ աւելի բարձր է, որովհետեւ սա աւելի թաքնուած խնդիր է, Հայաստանի ՀՆԱ-ի վրայ դա կազմում է մօտաւորապէս 60 միլիոն տոլար բեռ: Կարծում եմ, դա բաւականին մեծ թիւ ա մեզ համար, եւ մենք չենք կարող անտեսել սա»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment