Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան 100 Միլիոն Տոլար Վարկ Պիտի Վերցնէ Ռուսաստանէն Նոր Սպառազինութիւն Ձեռք Բերելու Նպատակով

Հայաստան 100 Միլիոն Տոլար Վարկ Պիտի Վերցնէ Ռուսաստանէն Նոր Սպառազինութիւն Ձեռք Բերելու Նպատակով

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնն Հինգշաբթի օր հաստատած է Ռուսիայէն 100 միլիոն տոլար վարկ վերցնելու նախագիծը։ Ըստ համաձայնագրին, վարկը պիտի օգտագործուի Ռուսաստանէն ժամանակակից սպառազինութիւն եւ զինամթերք ձեռք բերելու նպատակով։

Համաձայնագրին մէջ նշուած է, որ վարկը կը տրամադրուի պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման եւ ամրապնդման նպատակով։

Հայկական կողմը վարկը պիտի օգտագործէ 2018-2022 թուականներու ընթացքին։ Մարումը հայկական կողմը պէտք է կատարէ 15 տարուայ ընթացքին, 2023 թուականէն սկսեալ, տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով։

Փաստաթուղթերուն մէջ նշուած է, որ երկու պետութիւններու կառավարութիւններուն միջեւ նմանատիպ վարկային համաձայնագիր ստորագրուած է նաեւ 2015 թուականի Յունիսի 26-ին, որ այժմ կը գործէ: Խօսքը 200 միլիոն տոլար վարկին մասին է։ Նշենք, որ այս վարկով զէնքի մատակարարումը տակաւին չէ աւարտած: Վերջերս Պաշտպանութեան նախարարը ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ մատակարարումը նախատեսուած է աւարտին հասցնել մինչեւ այս տարեվերջ:

Քաղաքագէտ Սերկէյ Մինասեանի կարծիքով, թէ՛ այս վարկով, թէ՛ նախորդ վարկով ձեռք բերուած զէնքերը հայկական կողմին կը տրամադրուին ցած գիներով: Մինասեանի խօսքով, այս համաձայնագիրը հայկական կողմի ցանկութիւնն է, Ատրպէյճանի հետ սպառազինութիւններու մրցավազքին մէջ չպարտուելու համար. – «Արտօնեալ գները, որոնցով Հայաստանը ձեռք է բերելու նոր կամ ժամանակակից զինատեսակներ, այդ առումով, եթէ համեմատենք Ատրպէյճանի հետ, դա իրականում ոչ թէ 100 միլիոն տոլար է, այլ միգուցէ մի քանի անգամ շուկայական գներով աւելի բարձր գործարքի մասին է խօսքը գնում»:

Մինասեանի կարծիքով, Ատրպէյճանն ու Հայաստանը զինելով Ռուսիա կ’աւելցնէ իր քաղաքական ազդեցութիւնը այս երկիրներուն մէջ։ Հակառակ անոր, ըստ քաղաքագէտին, այս վարկով Հայաստան քանի մը տեսակի զէնք ձեռք պիտի բերէ. – «Քանի որ այստեղ խօսքը գնում է նոր կամ նոր արտադրուող զինատեսակների մասին, ապա բաւականին լայն տարբերակներ կարող են լինել՝ սկսած հրթիռահրետանային միջոցներից, վերջացրած նաեւ հակաթանկային, հակաօդային պաշտպանութեան զինատեսակները»:

Կառավարութեան կողմէ հաստատուած փաստաթուղթի հիմնաւորումներուն մէջ նշուած է, որ համաձայնագրի կնքումը կը համապատասխանէ ՀՀ ռազմավարական շահերուն, եւ անոր իրագործումը պիտի ծառայէ ՀՀ անվտանգութեան ամրապնդման նպատակներուն:

Քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեան, մինչդեռ նման վարկերու նկատմամբ բացասական վերաբերմունք ունի: Անոր կարծիքով, այն կը մեծցնէ Հայաստանի կախուածութիւնը Ռուսաստանէն. – «Ակնյայտ է, որ մենք վարկը ժամանակին չենք կարողանալու մարել, Ռուսաստանը յետոյ դրա փոխարէն վերցնում է մեր ռազմավարական օպիէքթները: Այ դա է վատը, է՛լ աւելի կախուածութեան մէջ ենք ընկնում»:

Քաղաքագէտը չի կարծեր, թէ 100 միլիոն տոլարի զէնքը շատ պիտի փոխէ ուժերու յարաբերակցութիւնը, քանի որ անոնք առաւելաբար պաշտպանական զէնքեր են։ Ան յայտնած է նաեւ, որ Հայաստան պէտք է բարձրացնէ ռազմական մրցավազքի անթույլատրելիութեան հարցը:

Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելուն անդրադարձած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միացեալ շտաբի ղեկավար Անաթոլի Սիտորով: Ան պնդած է, որ եթէ ՀԱՊԿ անդամ Ռուսիա Ատրպէյճանին զէնք չվաճառէր, այդ երկիրը այլ մատակարար պիտի գտնէր: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, վերջինս նշած է, թէ Հայաստան ունի ժամանակակից զինամթերք, աւելցնելով, որ չի կրնար մանրամասներ հրապարակել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment