Հինգշաբթի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած են ԱՊՀ եւ Եւրասիական միութեան գագաթնաժողովները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախագահութեամբ: Ներկայ գտնուած են ԱՊՀ անդամ բոլոր երկիրներու ղեկավարները, այդ թուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, կը բացակայէր միայն Խըրղըզիստանի նախագահը:
ԱՊՀ գագաթնաժողովին իր խօսքին մէջ Փութին յայտարարած է, որ ԱՊՀ անդամ երկիրները նոր փոխշահաւէտ նախագիծեր սկսելու հնարաւորութիւն ունին: – «Մենք նախանշած ենք ԱՊՀ ծիրին մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման համար կատարելիք քայլերը, քննարկած ենք, թէ ինչ պէտք է ընել ԱՊՀ արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար», – նշած է ան:
Պելառուսի նախագահը հերթական անգամ քննադատած է ԱՊՀ-ն, այս անգամ Լուքաշէնքօ թիրախաւորած է ԱՊՀ խորհրդարանական վեհաժողովը:
Հայաստանի նախագահն ալ իր աջակցութիւնը յայտնած է ռուսական նախաձեռնութեան: Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք աջակցում ենք ռուսական կողմի ներկայացրած «Ընտանիքի ինսթիթութին եւ աւանդական ընտանեկան արժէքներին աջակցութեան մասին» յայտարարութեանը` հրաշալի գիտակցելով, որ ընտանիքի ինսթիթութը հասարակութեան հիմքն է, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներին միաւորող գործօն»:
Մինչեւ ԱՊՀ գագաթնաժողովը Վլատիմիր Փութին հանդիպած է Ուզպէքիստանի եւ Թուրքմէնիստանի նախագահներուն հետ:
Իսկ գագաթնաժողովէն ետք Ռուսիոյ նախագահը պիտի շարունակէ երկկողմ հանդիպումները: Նախօրօք յայտարարուած էր, որ Փութին այսօր պիտի հանդիպէր նաեւ Մոլտովայի եւ Ղազախիստանի նախագահներուն հետ: Տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չկան, թէ ինչ ձեւաչափով պիտի ըլլան Փութինի հանդիպումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ: