Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Եւրոդատարանը Բաւարարած է Հայաստանի Դէմ «Եհովայի Վկաներ» Կազմակերպութեան Անդամներու Հայցը

Եւրոդատարանը Բաւարարած է Հայաստանի Դէմ «Եհովայի Վկաներ» Կազմակերպութեան Անդամներու Հայցը

by MassisPost

Եւրոպական դատարանն այսօր Հայաստանի դէմ որոշում հրապարակած է, որուն համաձայն պետութեան պիւտճէէն տասներկու հազարական եւրօ պէտք է փոխանցուի «Եհովայի վկաներ» կազմակերպութեան չորս անդամներու։ Արթուր Ադեան, Գարեգին Աւետիսեան, Յարութիւն Խաչատրեան եւ Վահագն Մարգարեան երկու տարի բանտարկուած են, քանի որ հրաժարած են բանակի շարքերուն ծառայել։ Անոնք չեն ցանկացած նաեւ այլընտրանքային ծառայութեան անցնիլ, պատճառաբանելով, որ այն քաղաքացիական բնոյթ չի կրեր եւ կը վերահսկուի զինուորականներու կողմէ։ Քաղաքացիներն ազատ արձակուած են 2013 թուականի համաներումէն ետք։ Նոյն թուականին փոփոխութիւններու ենթարկուած է «Այլընտրանքային ծառայութեան մասին» օրէնքը։

Եւրոպական դատարանն ընդգծած է, որ Հայաստանի դատական ատեանները խախտած են մտքի, խղճի եւ դաւանանքի ազատութիւնը։ Սթրասպուրկեան դատարանը յայտնաբերած է, որ նշուած ժամանակահատուածին այլընտրանքային ծառայութիւնն ամբողջութեամբ առանձնացուած չէ եղած զինուորական ծառայութենէն, օրինակ՝ այլընտրանքային ծառայութեան անցնողները ստիպուած եղած են համազգեստ հագնիլ, բացի անկէ, այն շատ աւելի երկար է, քան սովորական ծառայութիւնը եւ կը տեւէ շուրջ 42 ամիս։ Սթրասպուրկեան դատարանն, այնուամենայնիւ, ընդգծած է, որ այլընտրանքային ծառայութեան զինուորական վերահսկողութիւնը վերացած է եւ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են 2013 թուականին։

Եւրոպական դատարանին մէջ յաղթանակ տարած քաղաքացիները չեն ցանկացած հարցերու պատասխանել։ Կազմակերպութեան հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Արթուր Իսպիրեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական դատարանի վճիռը կը բաւարարէ զիրենք։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment